Երկուշաբթի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Արկատի Ղուկասեանի հետ, որ «Հայաստան» հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած թելեթոնին իր մասնակցութիւնը բերելու նպատակով Լոս Անճելըս կը գտնուի:
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան կ’ընկերանար Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Ղուկասեան ներկայացուց Արցախ աշխարհին առնչուող հիմնական քաղաքական ու տնտեսական հարցերը եւ ընդգծեց այն համահայկական ջանքերը, որոնց միջոցով կարելի կը դառնայ բարելաւել արցախահայութեան ընկերային եւ տնտեսական պայմանները:
Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները անգամ մը եւս հաստատեցին ազատ ու անկախ Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին, որ Դաշնակցութեան համար Արցախի ամրապնդումը իր քաղաքական ծրագրի ամէնէն առաջնահերթ ու կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է եւ թէ Դաշնակցութիւնը արցախեան նորագոյն ազատագրական պայքարի առաջնամարտիկներէն ըլլալով, կը շարունակէ մնալ նաեւ անոր անրապնդման ռահվիրաներէն մէկը, մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան նախագահին հետ արծարծեց ամերիկեան Քոնկրէսէն ներս Արցախի ի նպաստ մթնոլորտ ստեղծելու կարելիութիւնները եւ համաշխարհային առումով քաղաքական շրջանակներէ ներս Արցախի իրողական անկախութեան գաղափարի ընդհանրացման աշխատանքները:
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան բացատրեց Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքներէն ներս Հ.Յ.Դ.ի կողմէ Արցախի ի նպաստ կատարուած քարոզչութեան մասին, յատկապէս թելեթոնի ուղղութեամբ ցուցաբերուած ամբողջական քաջալերանքը:
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Կեդր. Կոմիտէի անդամներ Նազօ Աբանեան, Արամ Գալուստեան եւ Ժան Գոսագեան, իսկ նախագահ Ղուկասեանին կ’ընկերանար Ուաշինկթընի մէջ ԼՂՀ գրասենեակի պատասխանատու Վարդան Բարսեղեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:
Հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ երկու ժամ, կայացաւ իրարհասկացողութեան եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: