Խարխուլ, երերուն, դանդաղ քայլերով, ահա ան դարձեալ այս առաւօտ, ինչպէս ամէն առաւօտ, կանուխէն, զառիվերը կը բարձրանայ։
Մարմինը ծուռ է, տկար ու տձեւ, միաժամանակ փափկասուն եւ կմախքային։ Հաւասարակշռութիւնը դիւրաբեկ է, թէական, կախեալ՝ մէկ փոքր սխալ շարժումէ, յաւելեալ մէկ թրթռացումէ, նոյնիսկ (բառացիօրէն) հովի մէկ ուժգին հարուածէ մը միայն։ Ան իր մնացած բոլոր թոյլ ուժերը ամբողջովին կեդրոնացուցած է այս առօրեայ քանի մը այլայլուն քայլերուն վրայ, եւ եթէ անոնցմէ մէկը խճաքարի մը միայն հանդիպի, ան կրնայ իյնալ ու փռուիլ գետին, եւ իր ճմռթկուած դէմքով ու կոտրուած մարմնով անձայն գալարուիլ այդտեղ, արշալոյսի ցօղով խոնաւցած հողին վրայ, պայծառ ու անաչառ երկնքին տակ։
Դաւիթը երեխայ էր, երբ ազերի օդանաւները Ստեփանակերտի վրայ արձակեցին իրենց ռումբերու տեղատարափը։ Տան մէջ էր, մօրը հետ։ Գիշերուան քունին մէջ, յանկարծ պատերը փլան իրենց վրայ, զիրենք թաղեցին ու ճզմեցին զարհուրանքի, պայթումներու ու խորտակուած տան փլատակներուն տակ։ Դաւիթի գլուխը կոտրուեցաւ։ Ուղեղը վէրք կրեց։ Անկէ ի վեր չէ մեծցած Դաւիթը։
Եւ հիմա ամէն առաւօտ անպայման, ան դանդաղօրէն կը բարձրանայ այս միեւնոյն զառիվերը, Շուշիի մայր պողոտային եզերքը գտնուող խճողուած ու քայքայուած շէնքերուն մօտ, որոնցէ մէկ փոքր յարկաբաժինին մէջ ան կը բնակի իր մօր եւ փոքրիկ եղբօր հետ։
Մայրն ալ ծանր վէրքեր ստացած է պատերազմի ընթացքին։ Ատենը մէկ, հեզ աչքերը յանկարծ պաղած ու յառած անյայտին, ան ձեռքովը ակամայ կը շփէ իր նուրբ ու նիհար ուսին վրայ փորագրուած խորունկ սպին։ Պահ մը, այդ դժոխային օրերուն, բժիշկները մտադրած էին բզկտուած թեւը կտրել։ Անահիտը իր կամքի ուժով, հոգիի զօրութեամբ ու արտակարգ դիմադրողականութեամբ, փրկեց իր թեւը։ Աւելի լաւ, քանի որ հիմա ան կրնայ իր երկու թեւերուն մէջ ամուր գրկել իր երկրորդ փոքր երեխան, որ ծնած է պատերազմէն ետք։ Որպէս պատասխան մը եւս, թշնամիի ռումբերուն։ Սարսափի ու արհաւիրքի աղաղակներէն ետք, ծննդաբերութեան նոր ճիչ մը եւս, նորածինի առաջին կանչ մը, որ արձագանգած է Արցախի փլատակներուն մէջ։ Որպէս իսկական Յաղթանակի երգ։
***
Դարձեալ ընտանեօք վերադարձած ենք Շուշի, այնտեղ վարելու համար արդէն աւանդութիւն դարձած մեր ամառնային ճամբարը։ Այս տարի մէկ ամիս տեւողութեամբ։ Երեխաները անհամբեր մեզ կը սպասէին։ Խումբին թիւը անցաւ յիսունը։ Այտային ցաւերն ալ հրաշքի պէս անհետացան, այն պահուն, որ ոտքը դրաւ Շուշիի փոշոտ ու փշոտ գետնին վրայ։ Սակայն ճիշդ է, որ այստեղ փուշերն անգամ գեղեցիկ են, իսկապէս ծաղիկի կը նմանին։ Իսկ փոշին ալ իր մէջ կը կրէ սրբացեալ աճիւններ, հոգի ու ոգի, անասելի խորհուրդներ։ Աւելի ի՞նչ ըսել ճամբարին մասին…։
***
Այստեղ մեր նախորդ կեցութենէն ի վեր տարի մը անցած է, եւ տակաւին շատ բան չէ փոխուած։ Սակայն ամէն ինչ ալ ճիշդ նոյնը չէ։
Բնակութեան թիւը աւելցած է։ Այնքան մը, որ բնակելի տուներ այժմ չեն մնացած, նոր եկողներ ընդունելու համար։ Հետեւաբար, քիչ մը աւելի աշխուժութիւն կայ, գոնէ կարգ մը թաղերու մէջ։ Սակայն բնակչութեան վիճակը տակաւին կը մնայ շատ, շատ դժուար, տագնապալից, ամէն տեսակէտէ։
Ամառնային այս շրջանին, այցելուներու թիւն ալ աւելցած է։ Շուշին անակնկալ ժամադրութեանց վայր դարձած է, Արտերկրի որոշ շրջանակներու հայերուն համար։ Ծանօթներ, բարեկամներ, ազգականներ, որոնք, հայ պանդխտութեան անհամար ճանապարհներուն վրայ, տարիներէ, երբեմն տասնամեակներէ ի վեր իրարու չեն հանդիպած, յանկարծ ու պատահմամբ իրարու դիմաց կ’ելլեն այս գիւղ դարձած քաղաքին մէջ։ Իսկ Շուշիի մէջ սկզբնապէս իրարու անծանօթ այցելուներու միջեւ գոյացած յարաբերութիւնները առանձնաշնորհեալ բնոյթ կը կրեն։ Այնտեղ հանդիպած անձդ երբեք չես կրնար մոռնալ։ Եւ անոր հետ փոխանակած ամէն մէկ խօսքդ, կամ անոր հետ բաժնած լռութիւններդ անգամ, միացեալ անխօս ու անհուն ապրումները, անսովոր նշանակութիւն ունին։
Յետոյ, կան անշուշտ տեղացիները… Ինչպէ՞ս նկարագրել, բացատրել զանոնք։ Ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել հայութեան ամենազուտ ակունքներէն սերած այս յատուկ, հարազատ ու աննման մասնիկը հայ ժողովուրդին…
***
Այստեղ ամէն կողմ գերեզմաններ կան։ Ոչ միայն պատերազմի ընթացքին նահատակուած մարտիկներու, այլ նաեւ տարբեր սերունդներէ անցած նախնիներու։ Այստեղ որեւէ տեղ, ամէն տեղ, մարդ կը թաղեն։ Ողբացեալին պատկերը զետեղելով շիրմաքարին վրայ, շուրջը՝ փոքր ցանկապատ մը, մէջտեղը՝ միշտ թարմ ծաղիկներ։ Բլուրները ծածկուած են շիրիմներով։ Հնամեայ եւ նոր։ Մեռեալները այստեղ շատ մօտ են ողջերուն։ Յաւերժօրէն կը գոյակցին միասին։ Թէպէտ շատ խօսակցութիւն չ’ըլլար այդ մասին։
Կիրակի օր մը, բարեկամի մը հետ կը բարձրանայինք բլուր մը, երբ հանդիպեցայ զոհուած ազատամարտիկի մը գերեզմանին։ Ցանկապատին դուռը բանալով, մօտեցայ, աղօթեցի, ու ծնկաչոք՝ քանի մը բառ հեծկլտացի։ Երբ ինքզինքս հաւաքելով ոտքի կ’ելլէի, յանկարծ կողքիս տեսայ երկու երիտասարդներ։ Ձեռնուեցանք։ Հետաքրքրութեամբ հարցուցին, թէ արդեօք ի՞նչ առիթով ճանչցած եմ ես իրենց ողբացեալ մեծ եղբայրը… Չեմ գիտեր ինչ կրցայ պատասխանել, սակայն բլուրին վրայ քիչ մը վեր նայելով, տեսայ որ տարբեր տարիքի մի քանի կիներ ու օրիորդներ, եւ մի քանի երեխաներ, նստած էին զերեզմանին մօտ։ Գետինը փռած էին սաւան մը, որու վրայ կային մի քանի ուտելիքներ, գաւաթներ, խարկուած կուտ, պտուղներ։ Թաղուած երիտասարդին ընտանիքի անդամներն էին, որոնք Կիրակի օրը եկած էին այդտեղ ժամանակ անցնելու անոր հետ, հաց ուտելու իր քովը… Խեղդուած կոկորդով դեռ մի քանի բան կ’ուզէի ըսել իրենց, բայց արդէն վերէն անհամբեր դարձած բարեկամս կը կանչէր, որ ճամբանիս շարունակենք։ Ելանք աւելի վեր, ժայռի մը վրայ, որ կը գտնուի ճիշդ Քարին Տակ գիւղակին վերեւ։ Ոչ, առասպելական Ճտրտուզը չէ (որու հայկական անունը, ի դէպ, Ձիատափ է, անցեալին այնտեղ կատարուող ձիահեծութեան դիւցազներգական մրցումներու յիշատակով)։ Բարեկամս գրպանէն հանեց կտոր մը պանիր եւ մէկ հատ վարունգ, ինչպէս նաեւ փոքր սրուակ մը, եւ մենք ալ մայրամուտին հետ ընթրեցինք, լուռ, հեռաւոր լեռները դիտելով եւ հովին ձայնը մտիկ ընելով։
***
Մայր պողոտայի յատկանշական ամայութեան մէջ, սրընթաց ինքնաշարժները, տանիքին վրայ շարժող լոյսերով, արագ ու կտրուկ կերպով եկան ու ջղայնօրէն շարուեցան քիչ մը ամէն կողմ, Ղազանչեցոց (Ս. Ամենափրկիչ) եկեղեցւոյ առջեւ։ Թիկնապահները դուրս ցատկեցին, ատրճանակները գօտիներու մէջ աչքառու կերպով զետեղուած, աջ ու ձախ նայեցան ահարկու աչքերով, եւ ինքնաշարժներու դուռները բացին ու բռնեցին։
Իրենցմէ զատ, մենք ալ ներառեալ, շրջակայքը կային ընդամէնը վեց հոգի։ Եօթը, եթէ հաշուենք հեռաւոր ու ժանգոտած պատշգամի մը վրայ յենած կէս-քուն մայրիկը։ Արածող հաւերուն մէջէն խրոխտ քալուածքով մը անցնելով, պատուարժան պատուիրակութիւնը վճռականօրէն ուղուեցաւ դէպի եկեղեցի։ Մօտակայ իշուկ մը, ականջով ճանճերը քշելով, մէյ մը սանկ քովընտի նայեցաւ այս ամէնուն, ետքը դարձեալ հանդարտօրէն գլուխը դարձուց միւս կողմ։
Մինչդեռ, իսկապէս որ կարեւոր ու պատմական էր դէպքը… «Մինսքի խմբակ»ի ամերիկացի համանախագահը, Մէթիու Պրայզա, Արցախի իր այցելութեան ընթացքին, կը ժամանէր ահա Շուշի, Արցախի պետութեան զանազան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, նախագահ, վարչապետ, նախարարներ…։
Եկեղեցիի մուտքին կը հանդիպիմ Գէորգի Պետրոսեանին, այժմ Արցախի արտաքին գործոց նախարար։ Ան դուրս մնացած է, սիկարէթ մը վառելու համար։ Քիչ մը կը զրուցենք։ Վերեւ՝ Շուշի հիւրանոցը իրենց կը սպասեն։ Տղերքը գործի վրայ են։ Նուազ երեւելի կերպով։
Կէս ժամ (եւ հաւանաբար մի քանի թութի օղիի բաժակներ) յետոյ, պետական այցելուները եւ իրենց ամերիկացի հիւրը կը մեկնին, ինչպէս որ եկան։ Աղմուկով եւ իրարանցումով, ամայի փողոցներուն մէջ։
Սակայն մեկնելէ առաջ, Շուշիի մէջտեղ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական ներկայացուցիչը գրկախառնուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար եւ զինւորական գերագոյն հրամանատար զօրավար Սէյրան Օհանեանին հետ։
Ներս կը մտնեմ հիւրանոց, այսօր միայն երեւցած նոր տղոց ծանօթանալու համար։ Սեղան կը նստինք, ուր մեկնողները հազիւ դպչած են այլազան ուտելիքներուն։ Խոհանոցի յատուկ պահարանէն սակայն կը բերեն մէկ տարբեր շիշ մը։ Անձրեւի պակասի պատճառով, տարուան թութի բերքը շատ վատ եղած է։ Օղիի անցեալ տարուան մթերքն է ուրեմն, որ կը գործածուի։ Յաւելեալ յարգը պէտք է գիտնալ ուրեմն։ Մանաւանդ որ դեռ Կիրակին նոր կը սկսի։
Այս նախաճաշէն ետք, այդ օրը դեռ կը հրաւիրուինք մօտակայ տուն մը, ուր առաւօտ կանուխ ոչխար մորթած են։ Մատաղին գլուխն ու ոտքերը նետուած են շան առջեւ, որ կատարեալ հրճուանքի մէջ է։ Պարտէզին անկիւնը թանձրացած լայնատարած արեան վրայ հարբեցած ճանճերն ալ իրենց խնճոյքը կը կատարեն։ Եռացող կաթսային առջեւ, ուր միսն ու իւղերը կ’եփին ու կը մխան, մինչ մատաղին թոքերը, սիրտն ու այլ ներքին բաժինները առատ աղի մէջ կը թաթխուին եւ լայն ու երկար ցօղերուն վրայ կ’անցուին, անսպառ ու լուրջ վիճաբանութիւն տեղի կ’ունենայ։ Հիմնական նիւթն է, թէ արդեօք, հակառակ ծախողին կասկածելի հաւաստիացումներուն, ճիշդ ի՞նչ է տարիքը ոչխարին։ Համաձայնութիւն մը կը գոյանայ աւելի ուշ, սեղանին շուրջ, հիմնուած միսի համին, հոտին, գոյնին եւ կակուղութեան աստիճանին վրայ։
Այս կերուխումէն ալ ետք, կը մնայ մեզի բարձրանալ բլուրին վերը գտնուող բարեկամներուն տունը, ուր երեկոյեան խորոված նախատեսուած է։ Մնացեալը, չեմ գիտեր։
***
Գիշերուան մէջ, եւ միայն երբ որ լաւ մութ ըլլայ, երբեմն դուրս կու գան յատուկ անձեր։ Տեղացիները տարբեր կը վարուին ասոնց նկատմամբ։ Իրենք հարազատօրէն խոնարհ են, շատ քիչ կը խօսին, միշտ հանդարտ են ու հեզ։ Ընդհանրապէս իրարու հետ կը հաւաքուին։ Եթէ բախտաւոր ես, առիթը կու տան, որ իրենց միանաս։ Օր մը պէտք է գրուին անոնց պատմածները, անոնց վկայութիւնները, իրարու հետ փոխանակած յիշատակումները։ Օր մը…։ Բայց անպայման։ Ես, տակաւին ի վիճակի չեմ, իսկապէս կարող չեմ զգար (ոչ ալ ամէն պարագայի, արժանի), այդ անհրաժեշտ առաքելութիւնը կատարելու։
***
Մայր պողոտային վրայ, սրընթաց ինքնաշարժները, տանիքին վրայ շարժող լոյսերով, արագ ու կտրուկ կերպով եկան ու շարուեցան քիչ մը ամէն կողմ, Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ առջեւ։ Թիկնապահները դուրս ցատկեցին, աջ ու ձախ նայելով, եւ ինքնաշարժներու դռները բացին, եւայլն…
Ոչ, խմբագրական սխալ չէ, ոչ ալ ակամայ կրկնութիւն։ Ասիկա մէկ ուրիշ դէպք է, ուրիշ պաշտօնական այցելութիւն մը, որ սակայն կը սկսի միեւնոյն թատերական մուտքով։ Միայն թէ, պողոտան այս անգամ ամայի չէ։ Նոյնիսկ եթէ ներկաներու թիւը կրկին ալ անբաւարար է այսպիսի առիթի մը համար։ Արդարեւ, այս անգամ եկողը Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսն է։
Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ խորանէն, ան սփոփիչ խօսքեր ուղղեց ժողովուրդին, յատկապէս շնորհաւորելով Արցախի հայութեան ոչ միայն պատերազմի ընթացքին ձեռք բերած յատկանշական յաղթանակը, այլ նաեւ անկէ ետք անոր ցուցաբերած աշխատանքը, վաստակը, համբերանքն ու դիմացկունութիւնը։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, թէ դարերու ընթացքին, եթէ հայութիւնը կրած է զանազան տեսակի պարտութիւններ, բնաւ ու երբեւիցէ հայոց հաւատքը չէ արձանագրած պարտութիւն։ Կաթողիկոսին կ’ընկերակցէին շրջանի բոլոր հոգեւորականները, ինչպէս Արցախի պետութեան զանազան ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին՝ նախագահը։
***
Այս ամէնը հպանցիկ ու շատ մասնակի տպաւորութիւններ են միայն, Արցախի մասին։ Որոշ կէտէ մը անդին, չափազանց դժուար, նոյնիսկ անկարելի կը դառնայ արտայայտել այն, ինչ որ մարդ կը տեսնէ, կ’ըմբռնէ, կը զգայ ու կ’ապրի, հայոց աշխարհի այս յատուկ վայրը։ Այդտեղ ամէն մէկ անձ (ողջ կամ մեռած), ամէն մէկ քար (կանգուն, փլատակ կամ անհետացած), ամէն մէկ շունչ, շշունջ, տեսարան, յուշ, դէպք, էակ կամ առարկայ, մէկ անհատնում պատմութիւն են, մէկ անաւարտ յօդուած, մէկ անվերջանալի գիրք։ Դեռ մեզի համար որքան ու որքա՜ն սորվելիք կայ այնտեղ։
***
Թող ուրեմն այժմ հրաժեշտ առնենք, վերադառնալով մեր Դաւիթին։ Առտու կանուխ, երերալով, դողդոջուն ու անստոյգ շարժումներով, իւրաքանչիւր անկայուն քայլին իյնալու վտանգին ենթարկուելով, ան իր ամէն ուժով կը շարունակէ իր վերելքը, հետզհետէ ցից դարձող զառիվերին վրայ։ Անոր ծամածռուած դէմքին վրայ իր կատարած գերմարդկային ամբողջ ճիգը կարելի է կարդալ, անասելի զգացումով, անսահման յարգանքով։ Ոչ մէկ անցորդ, ոչ մէկ դիտող, կը համարձակի անոր թեւը անցնիլ, զինք գրկել, օգնելու համար, որ վերջապէս հասնի բարձունքին։ Անոր որ ան մօտենայ, միայն սովորական բարեւ մը կու տայ իրեն։ Ու Դաւիթ կը շարունակէ իր դանդաղ, տաժանելի, բայց կանոնաւոր յառաջխաղացքը։
Ան վերջապէս կը հասնի վեր, ուր ես կանգնած, մինչ այդ ուրիշ տեղ նայիլ կը ձեւացնէի։ Հակառակ որ այս ժամուն օդը տաք չէ, անոր ճակատը քրտնած է, անգոյն երեսը պրկուած, շունչը հեւքոտ։ Ու յանկարծ արեւը դուրս կու գայ հեռաւոր լեռներուն ետեւէն։ Դաւիթ կանգ կ’առնէ, աչքերը կը փակէ, ու պահ մը կը վայելէ ջերմ ճառագայթներուն շոյանքը իր թերաճ ու ցաւոտ ոսկորներուն վրայ։ Յետոյ աչքերը դարձեալ կը բանայ, եւ լայն, շա՜տ լայն ժպիտ մը դեռ աւելի կը լուսաւորէ իր հիմա հանդարտած դէմքը։ Եւ արդէն, ճիշդ այդ պահուն, նոր օր մըն է որ կը սկսի Արցախի համար։
Բարի օր, Դաւիթ ջան։ Բարի օր, անգին տղայ։
Եւ մանաւանդ՝ ցտեսութիւն։
?!!?
Խնդիր չունիմ որ գրութիւնս ուզեր էք post ընել այստեղ,
սակայն բարեհաճեցէք նշել հեղինակին անունը՝
Հայդուկ Շամլեան