ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Երկուշաբթի, Յունուար 22ին մերժեց հաստատել այն տեղեկութիւնները, թէ Իրաք առաքուած յաւելեալ ամերիկեան ուժերը հոնկէ մեկնելու պիտի սկսին այս ամրան վերջը՝ ընդգծելով, որ այդպիսի հեռացումի ժամանակացոյց չի կրնար ընդունիլ:
«Մենք ժամանակացոյցներ չենք դներ, որովհետեւ թշնամի մը անպայմանօրէն իր մարտավարութիւնը պիտի պատշաճեցնէ Միացեալ Նահանգներու առնելիք հաւանական քայլերուն», ըսաւ ան:
Իրաքի մէջ գործող բազմազգեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ճորճ Քէյսի անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ այն յաւելեալ ուժերը, որոնք այժմ Իրաք կ՚ուղարկուին, հաւանաբար Օգոստոսին կամ Սեպտեմբերին սկսին հեռանալ հոնկէ: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած էր պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյթսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Պուշ իր հարցազրոյցին ընթացքին նոյնիսկ ըսաւ, թէ հաւանական է, որ Իրաք գտնուող ամերիկեան ուժերը հոն մնան իշխանութենէն իր հեռանալէն ետք եւս, այսինքն Յունուար 20, 2009էն ետք: «Ասիկա երկարատեւ պայքար մը պիտի ըլլայ», ընդգծեց Պուշ: