ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի «Նարեկացի» մշակութային կեդրոնին մէջ, Դեկտեմբեր 21ին ներկայացուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի նշանաւոր դասախօս Լեւոն Ներսիսեանի (1931-1999) կեանքին եւ գործին վերաբերեալ վաւերագրական շարժապատկերը:
Խորհրդային իշխանութեան օրօք նշանաւոր ազատախոհ մտաւորականի ծննդեան 75ամեակի առթիւ նկարահանուած այս շարժանկարի բեմադրիչն է Ալեքսանդր Քաջուորեանը:
Հայ բեմի մեծանուն վարպետ, ժողովրդական դերասան Հրաչեայ Ներսիսեանի որդին՝ Լեւոն Ներսիսեան, 20րդ դարու հայ միտքի ու մշակոյթի կենդանի առասպելն էր, շարժանկարի ցուցադրումէն առաջ դիմելով ներկաներուն ըսաւ շարժանկարի մասնագէտ Տաւրոս Դաշտենց եւ աւելցուց, որ Լ. Ներսիսեան կենդանի, «քալող գիրք» էր, որ անյագուրդ «ընթերցում» էր երիտասարդութիւնը. ոչ միայն իր, այլեւ ուրիշ բաժանմունքներու, նոյնիսկ ուրիշ համալսարաններու ուսանողներ կ’ունկնդրէին իր դասախօսութիւնները:
Շարժանկարին մէջ պատկերուած է Ներսիսեանի համար «անչափ սիրելի Հայաստան աշխարհը», ինք եւ իր շրջապատը՝ Տիգրան Մանսուրեան, Ռուբէն Ադալեան, 60ականներու այլ մտաւորականներ:
Տ. Դաշտենց շնորհակալութեան խօսք ուղղեց շարժանկարը պատրաստողներուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Գուրգէն Մելիքեանի հիմնադրամին՝ շարժանկարի արտադրութիւնը հովանաւորելուն համար:
Լեւոն Ներսիսեանի մասին խօսքեր արտասանեցին իր դուստրը՝ Մարիան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան, արուեստաբան Պօղոս Հայթայեան, բանաստեղծ Ռոմիկ Սարդարեան:
Շարժանկարի դիտումը կ’ընդմիջուէր ծափահարութիւններով, իբրեւ յարգանքի նշան «հայ Սոկրատի» յիշատակին, ինչպէս զինք իրաւամբ կնքած էր շրջապատը: