ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Իրան-Հայաստան կազի խողովակաշարի Մեղրի-Քաջարան 40 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող հատուածի շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ Դեկտեմբեր 20, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ նախատեսուած ժամկէտէն՝ 2007ի Յունուար 1էն շուտ սկսիլ նոր խողովակաշարի օգտագործումը:
Այս մասին յայտնեց կազի խողովակաշարի հայկական հատուածի շինարարութեան պատուիրատու ընկերութեան տնօրէն Սահակ Աբրահամեան եւ նշեց, այս խողովակաշարով Իրանէն Հայաստան պիտի ներածուի տարեկան մօտ 1.7 միլիառ խորանարդ մեթր կազ:
Ս. Աբրահամեան նշեց նաեւ, որ շինարարական աշխատանքներուն համար նախատեսուած 35 միլիոն տոլարի 80%ը հայկական կողմը որպէս վարկ ստացած է Իրանի Զարգացման դրամատունէն:
Նշենք, որ Իրանէն Հայաստան բնական կազի առաքման վերաբերեալ պայմանագիրը ստորագրուած էր 2004ի Մայիսին, Երեւանի մէջ: Ըստ այդ պայմանագիրի, Հայաստան Իրանէն պէտք է ստանայ տարեկան նուազագոյնը 1.1 միլիառ խորանարդ մեթր կազ: Պայմանագիրը ի զօրու է 20 տարուան համար եւ ներածուած կազի արժէքը Հայաստան պիտի վճարէ ելեքտրականութեամբ: