ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 23ին, ընդդիմութիւնը սկսաւ գործադրել իր հռչակած միօրեայ ընդհանուր գործադուլը: Ամբողջ երկիրը անդամալուծուեցաւ մայրաքաղաքէն մինչեւ հեռաւոր շրջանները, երկրին հարաւէն հիւսիս: Ճամբաները փակուեցան, եւ ցուցարարները անիւներ այրեցին գլխաւոր անցքերու վրայ, փակելով օդակայան առաջնորդող բոլոր ճամբաները, որու հետեւանքով շարք մը օդանաւային թռիչքներ ջնջուեցան:
Դպրոցները, վաճառատուները, գործատեղիները մեծ մասամբ փակ մնացին:
Իշխանամէտ շրջանակներու համակիրներ եւս փողոց իջան, կացութիւնը աւելի լարելով:
Երկրէն ներս տիրող անկայուն կացութեան պատճառով որոշուեցաւ հայկական վարժարանները փակ պահել նաեւ Չորեքշաբթի օր:
Բազմաթիւ շրջաններու մէջ ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ ուժերու համակիրներուն միջեւ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան առնուազն երեք զոհեր եւ վիրաւորուեցան 133 ուրիշներ:
Վարչապետ Ֆուատ Սինիորա տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին դատապարտեց գործադուլն ու բախումները, միաժամանակ խորհրդարանի արտակարգ նիստ մը գումարելու կոչ ըրաւ:
Այլ իշխանամէտ ղեկավարներ գործադուլը «պետական հարուած» կամ «ահաբեկչական արարք» կոչեցին, մինչ Լիբանանեան բանակը ներխուժեց իշխանամէտ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան Շուէյֆաթի կեդրոնատեղին, հոնկէ զէնքեր բռնագրաւելով:
Իր կարգին, «Հըզպալլա»ի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, թէ երկրին մէջ տիրող քաոսային վիճակին պատճառը իշխանամէտ ուժերու վարուելակերպն է:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա զգուշացուց Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վատթարացումէն եւ կոչ ուղղեց մագլցողական յաւելեալ քայլերը դադրեցնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ տագնապին լուծում մը գտնել։
Ընդդիմութիւնը Երկուշաբթի օր լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ ցրուեց թռուցիկներ, կոչ ընելով լիբանանցի քաղաքացիներուն՝ մնալու իրենց բնակարանները եւ միայն անհրաժեշտ պարագաներու դուրս գալ իրենց բնակարաններէն, որպէսզի յաջողի ընդդիմութեան ծրագրած ընդհանուր գործադուլի որոշումը եւ անտեղի խլրտումներ չարձանագրուին: