«Ռէալ Մատրիտ»ի եւ Հունգարիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին աստղերէն Ֆերենք Փուշքաշ անցեալ շաբաթավերջին Պուտափեշտի մէջ մահացաւ։ Ան 79 տարեկան էր:
1945էն 1956, ան 84 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակեց 83 կօլ, իսկ զանազան ակումբներու հետ իր կատարած 349 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 358 կոլ։
Փուշքաշի թաղումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 9ին, Պուտափեշտի մէջ։ Հունգարիոյ կառավարութիւնը այդ օրը հռչակեց ազգային սուգի օր։