Թուրքիա պաշտօնապէս եւ պետական շուքով… թաղեց հայ ականաւոր հրապարակագիր ու քաղաքական գործիչ, «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքը։
Այո՛, Թուրքիա պաշտօնական իր ձեռքով թաղեց անպաշտօն իր ձեռքով սպաննած գաղափարապաշտ հայը։
Այո՛, 17ամեայ թուրք մարդասպանը ըստ ամենայնի նորելուկ վարակակիրն էր ուրացման այն քաղցկեղին, որ ահա աւելի քան իննիսուն տարիէ ի վեր, պետական հետեւողականութեամբ, կը թունաւորէ Թուրքիոյ ողջ հասարակութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութեան թրքական ուրացումը արդէն շատոնց անդին անցած է Ցեղասպանի մը իր գործած ոճիրին հետքերը թաքցնելու դասական հալածախտէն։ Վերածուած է սեփական ինքնութեան արատաւոր բջիջներուն հետ հաշուեյարդարի ձեռնարկելու եւ ինքնամաքրուելու թրքական անկարողութեան անբուժելի քաղցկեղի։
Ուրացման այդ քաղցկեղը անբուժելի դարձած է այն աստիճան, որ մինչեւ անգամ Տինքի դէմ գործուած անարգ ոճիրի դատապարտման համաշխարհային ալիքին հետ իրենց զօրակցութեան ձայնը բարձրացնող Թուրքիոյ առաջին կարգի իշխանաւորները, վարչապետ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, չվարանեցան յարգանքի եւ վշտակցութեան իրենց խօսքերուն խառնելու «այսպէս կոչուած Հայկական Ցեղասպանութեան» ուրացման թոյնը… Այդպիսով՝ թրքական իշխանութիւնները փորձեցին իր բուն իմաստէն պարպել գործուած ոճիրը եւ զայն վերածել սոսկ ազատ մտածումի ու արտայայտութեան դէմ կատարուած յանցագործութեան, որուն պետական դատապարտումով եւ Տինքի յուղարկաւորութեան «պաշտօնական հանդիսաւորութիւն շնորհելով»՝ աշխատեցան շահաբաժիններ ապահովել ի նպաստ Թուրքիոյ եւրոպականացման եւ ժողովրդավարացման այլապէս ձախողած ու արդէն սպառած օրակարգին։
Այսպիսով՝ Թուրքիա սպաննեց ու թաղեց իր իսկ Յոյսը, որ Հրանդ Տինք կը կոչուէր։ Յոյսը՝ թրքական ինքնութիւնը վերարժեւորման ենթարկելու եւ ինքնամաքրման քաւարանէն անցընելու անխուսափելի դատաստանին։ Մանաւանդ որ թուրք պատանեկան մոլեռանդութեամբ սպաննուած Տինքը դրօշակիրն էր թրքական ինքնութիւնը արատաւոր իր ժառանգութենէն մաքրազտելու եւ Թուրքիան իր բաղկացուցիչ բոլոր ազգութիւններու ընդհանուր հայրենիքը դարձնելու գաղափարական երազին…
Այդ առումով է ահա, որ Տինքի նահատակութեամբ Պոլսոյ մէջ օր–ցերեկով գետին փռուեցաւ նաեւ Յոյսը ունենալու նորօրեայ այն Հայը, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ յաղթահարելու իր էութիւնը կրծող ու մաշեցնող թոյնը՝ Տինքի բառերով ըսուած թուրքը իբրեւ թշնամի տեսնելու եւ ներքին ջլատման գերի մնալու թոյնը։
Իբրեւ այդպիսին, Տինք ո՛չ առաջին եւ, վստահաբար, ոչ ալ վերջին նահատակը պէտք է նկատուի երկրորդ անբուժելիին, որ Հայու դիւրահաւատութեան քաղցկեղն է։
Քրիստափորներու ժամանակէն իսկ, Կարմիր սուլթանի դէմ անհաւասար կռուի պայմաններուն մէջ անգամ, գաղափարապաշտ հայը միշտ փայփայեց այն հաւատքն ու յոյսը, որ թուրք պետական վերնախաւի կեղեքումներուն եւ խժդժութեանց դէմ պայքարի հրամայականը ըստ էութեան կը միաւորէ, պէ՛տք է միաւորէ բոլոր արդարներն ու անարդարութեանց զոհերը՝ թուրքերը, քիւրտերը, յոյները, ասորիները եւ, անկասկա՛ծ, հայերը։
Նման յոյսերու եւ դիւրահաւատութեան համար հայ ժողովուրդը ծանրագոյն գին վճարեց 20րդ դարասկիզբին, համաօսմանեան սահմանադրական կարգերու հաստատման ի նպաստ ծաւալած պայքարին, որուն յաղթական ալիքով պետական ղեկի տիրացած իթթիհատականները «վարձահատոյց» եղան… Մեծ Եղեռնի ծրագրումով ու գործադրութեամբ։ Թուրքերուն մէջ ճակատագրակից ու արդարութեան համար պայքարի զինակից տեսնելու հայկական գաղափարապաշտութեան զոհասեղանին մենք կորսնցուցինք աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայութիւն, ամբողջ Արեւմտահայաստանը եւ բան մըն ալ աւելի։
Բայց թանկագին արեան ու անփոխարինելի հողի կորուստն անգամ բաւարար չեղան, որպէսզի Հայը մէկանգամընդմիշտ բուժուի մարդասիրական ու այլասիրական խորագոյն արմատներէ սնող դիւրահաւատութեան իր քաղցկեղէն։
Յետ–եղեռնեան ժամանակաշրջանի ամբողջ տեւողութեան, հայ քաղաքական միտքը իր ծոցին մէջ շարունակ սնուցանեց այն հաւատքն ու յոյսը, որ պիտի գայ օրը եւ պիտի գտնուի այն Թուրքը, որ Հայուն մէջ պիտի տեսնէ իր ճակատագրակիցը, աւելի արդար ու քաղաքակիրթ ընդհանուր ապագայի մը կերտման համար պայքարի իր զինակիցը։
Անբուժելի այդ լաւատեսութեան ծանր հարկեր վճարեցինք ազգովին՝ ոչ միայն ազգերու եւ ժողովուրդներու «եղբայրութեան» խորհրդային պատրանքին պատանդ դարձած հայ պոլշեւիկներով, այլեւ՝ արեւմտեան կայսերապետական ուժերու յառաջացուցած հակախորհրդային ճամբարներու մէջ ինքնամաքրման ուղի փնտռող եւ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու պատրաստակամ թուրքեր գտնելու դաշնակցական գործիչներու երազատեսութեամբ։
Մինչեւ անգամ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, երբ Արցախեան ռազմաճակատներու վրայ հայութիւնը կենաց–մահու պայքար կը մղէր համաթրքական ցեղասպանական խորշակին դէմ, Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՀՇական իշխանութիւնները Հայու անբուժելի քաղցկեղին իրենց կարգին անհարկի տուրք վճարեցին՝ Թուրքիոյ մէջ բարի–դրացիական յարաբերութեանց պատրաստ խօսակիցներ փնտռելով եւ, յանուն այդ երկխօսութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը հայոց պետականութեան օրակարգէն դուրս պահելով։
Դեռ չենք խօսիր Ամերիկայի մէջ Արմինեըն Էսէմպլիի օրինակով այն կազմակերպութեանց կամ երկրագունտի մեծ ոստաններուն մէջ ապրող եւ միջազգային հռչակի տիրացած այն անհատ հայ գործիչներուն մասին, որոնք թուրքեւհայական «հաշտեցման» շինծու եւ մեծապետական պատուէր կատարելու կոչուած յանձնախումբերու ճամբով, վերջին տասնամեակին, արար աշխարհը ականատես դարձուցին հայկական քաղցկեղին նորագոյն բորբոքումներուն… թէկուզ պատուէր կատարողի դիրքերէն։
Հրանդ Տինք փաստօրէն վերջին, պերճախօս եւ անձնազոհ դրօշակիրն էր հայ քաղաքական մտքի անբուժելի այդ քաղցկեղին։ Բայց ողբերգութիւնը անչափելիօրէն խոր է, որովհետեւ Թուրքին մէջ թշնամի չփնտռելու եւ թրքատեացութեան թոյնը ախտազերծելու Տինքի կոչերը ամէն բանէ առաջ եւ վեր մեծագոյն նուէրն էին նոյնինքն Թուրքիոյ պետական շահերուն։
Ժողովրդավարութեան եւ քաղաքակրթական հանդուրժողականութեան վկայագրի այնքան սուր կարիքը ունեցող Թուրքիոյ իշխանաւորները փաստօրէն չկրցան ըստ արժանւոյն գնահատել եւ օգտուիլ Տինքի այդ նուէրէն։ Ուրացման թրքական քաղցկեղին անձնատուր՝ Էրտողանները փաստացիօրէն ամբոխային հայատեացութեան պատանդի վիճակի մէջ պահեցին ու կը շարունակեն պահել թուրք հասարակութիւնը։ Տինքի մարմինը խոցող ու անոր գաղափարական էութիւնը անկենդան դիակի վերածող պատանի մարդասպանին կրակած փամփուշտները անվիճելի ապացոյցն են Ցեղասպանութիւնը այլապէս շարունակելու թրքական այս կամակորութեան։
Այնքան ատեն, որ կը շարունակուի ուրացումը, նոյնքան ժամանակ պիտի կրկնուի ոճրին համար հաշուետուութեան դատաստանէն ի հարկին արեան հեղումով խոյս տալու թրքական յանցագործութիւնը։
Կը մնայ, որ թուրք իշխանաւորներէն առաջ նոյնինքն մեծապետական աշխարհի այսօրուան ախոյեանին՝ Մ. Նահանգներու պետական իշխանութիւնները անհրաժեշտ ու տարրական դասը քաղեն Հրանդ Տինք կոչուած Յոյսի նահատակութենէն։ Ի վերջոյ ամերիկեան կառավարութեան կը պատկանի հեղինակի իրաւունքը Հայկական Ցեղասպանութիւնը «ենթադրեալ» կամ «այսպէս կոչուած» նկատելու յայտարարութեան, որուն ձայնակցիլը ըստ երեւոյթին Էրտողաններու առաւելագոյն զիջումի սահմանն է, ի տես մինչեւ անգամ Թուրքիոյ ինքնամաքրման Յոյսը այսպէս օր ցերեկով արեան մէջ խեղդամահ դարձնելու թրքական հայատեացութեան։
Տինք արժանի էր աւելիին։
Արժանի էր իր զոհաբերումով արագացնելու գալուստը այն օրուան, երբ քաղաքակիրթ մարդկութեան հետ հայ ժողովուրդը եւս ականատես պիտի դառնայ Հայկական Ցեղասպանութեան թուրք պետական ճանաչումին։