ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Յունուար 23ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ սուգի հանրահաւաք՝ նուիրուած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի յիշատակին:
Երեւանի քաղաքապետարանի եւ պետական ու հասարակական կազմակերպութիւններու կազմակերպած հանրահաւաքին կը մասնակցէին Հայաստանի Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Գեղամ Ղարիբջանեան, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմակատար, փոխդեսպան Էնթընի Կատֆրի, Ս. Էջմիածնի եւ տեղական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմահազար մարդիկ:
Օփերայի թատրոնի աստիճաններուն վրայ տեղադրուած էր Հրանդ Տինքի մեծ լուսանկարը, որուն մօտ հանրահաւաքի մասնակիցները ծաղիկներ եւ մոմեր կը զետեղէին:
Էնթընի Կատֆրի լրագրողներուն յայտարարեց, որ ԱՄՆը ցնցուած է Պոլսոյ մէջ կատարուածով: Խոր ցաւակցութիւններ յայտնելով սպաննուողի հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին՝ Կատֆրի յոյս յայտնեց, որ նոյնիսկ իր ողբերգական մահով Հրանդ Տինք իր ներդրումը կ’ունենայ հայ-թրքական սահմանի ապաշրջափակման գործին մէջ, յանուն որուն ան պայքարեցաւ իր կեանքի ընթացքին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Տինքի սպանութիւնը խթան չի հանդիսանար Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար՝ Կատֆրի նշեց, որ այսօր այդ խնդիրը կը քննուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ. «Սակայն կարեւորը այսօր սահմանների բացումն է եւ Հայաստանի ու Թուրքիայի միջեւ երկխօսութեան ձեւաւորումը: Մենք շատ ցաւում ենք կատարուածի համար», յայտարարեց ան:
Նշենք, որ երէկ սգոյ հանրահաւաքներ եւ երթեր կազմակերպուած էին Հայաստանի զանազան քաղաքներու եւ Ախալքալաքի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի, Պրիւքսէլի եւ Երուսաղէմի մէջ: