Ամէն տարի, իր հրապարակային ելոյթով, «Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը, իր աւելի քան 100 եւ 5էն 30 տարեկան անդամ-անդամուհիներով, մշակութասէր հասարակութեան կը ներկայանայ հայկական եւ արդիական պարերու նոր ու ճոխ յայտագրով մը եւ կը հմայէ զայն:
Անշուշտ այս բոլոր յաջողութիւններուն մէջ, պարախումբը հովանաւորող «Համազգային»ի վարչութեան կողքին, իրենց արդար բաժինը ունին նոյն այս խումբի մեծ ու փոքր անդամ-անդամուհիներուն անսակարկ ու զոհաբերող ծնողները ու յատկապէս խումբի պարուսոյցները՝ արուեստագէտներ Քաթրին Հայրապետեանն ու Արի Լիպարիտեանը, որոնց փորձառութեան ու հայ պարարուեստի մէջ ունեցած հմտութեան շնորհիւ «Նայիրի»ն տարուէ տարի կը մեծնայ ու կը դառնայ հաստատ ներկայութիւն, ոչ միայն «Համազգային»ի անմիջական շրջապատէն ներս, այլ հայ եւ օտար մշակութասէրներու մօտ:
Կիրակի, 12 Նոյեմբեր, 2006ի, երեկոյեան ժամը 5ին, Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ, մեզի համար շատ սիրելի այս 7 տարու պարախումբի տարեկան ելոյթին ներկայ գտնուեցանք, որուն Հովիտի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոը հովիւ Ռազնիկ քհնյ. Խաչատուրեանի կողքին, ներկայ էին «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Շէրիքեան եւ վարչականներ, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի, ՀՕՄի Անահիտ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղերու եւ շրջանի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները եւ աւելի քան 1000 հիւրեր, ծնողներ, մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր, «Համազգային»ի բարեկամներ ու քաջալերողներ:
Մեր նախնիներուն ստեղծած պարարուսետին շարունակութիւնը հարիւր եւ աւելի անդամներով այս պարախումբը կրկին անգամ պարի սիրահարներուն հրամցուց բազմաոճ ու բազմաճաշակ նորութիւններով յայտագիր մը, որուն մէջէն կարելի էր յստակօրէն բնորոշել ձեռքերու, ոտքերու, մատներու եւ դէմքերու տեսակաւոր ու հաճելի շարժումներով հայկական պարերու նազանք-երանգները, որոնց վրայ կ’աւելնար հագուստներու եւ տարազներու շատ ճաշակաւոր, գեղեցիկ եւ գունաւոր ներդաշնակութիւնը:
Օրուան յայտագրին մէջ տեղ գտած երեք նոր պարերու համար, վարչութիւնը Հայաստանէն ապսպրած էր հայկական գունաւոր ու գեղեցիկ տարազներ, որոնք տարբեր փայլ մը տուին դիտողին աչքին:
Բացման իր խօսքին մէջ, օրուան հանդիսավարուհի Մարալ Վարժապետեան նախ ներկաներուն յայտնեց շնորհակալութեան իր խօսքերը, ապա շեշտեց մեր մշակոյթէն ներս հակական պարի ներկայութեան անհրաժեշտութիւնն ու էականութիւնը:
Ան ամփոփ գիծերու մէջ ըրաւ պարախումբի պատմականը եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց խումբի պարուսոյցներ Քաթրին Հայրապետեանին եւ Արի Լիպարիտեանին, ինչպէս նաեւ պարախումբի շուրջ հաւաքուած ծնողներուն, անոնց անսակարկ զոհաբերութեան եւ վստահութեան համար:
Յանուն «Համազգային»ի Հովիտի մասնաճիւղի վարչութեան, ատենապետուհի Մարալ Դարբինեան շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք անդրադարձաւ պարախումբին ու անոր երկու ղեկավար պարուսոյցներու նուիրումին, ճիգերուն եւ աշխատանքին, որոնց իբրեւ արդիւնք «Նայիրի»ն քալեց հաստատ, մեծապէս նպաստելով հայ մշակոյթին ու «Համազգային»ին: Ապա յատուկ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւններ յայտնեց պարախումբի ծնողներուն եւ ներկաներուն:
Յայտագրի առաջին բաժինը սկսաւ Արամ Խաչատուրեանէն բացման պարով (Գ. խումբ): Ապա յաջորդաբար հրամցուեցաւ ժողովրդական «Գեղեցիկ աղջիկներ», (Բ. խումբ), հայկական պարերու շարքը (Ա. խումբ-մանչեր), Տիգրան Պօղոսեանի «Օրօր պար» (Գ. խումբ) պարի բեմականութեամբ՝ Արի Լիպարիտեան, մենակատարուհի Քրիստինա Խըշվաճեան, Խաչատուր Աւետիսեանի «Հայուհիներ» (Բ. խումբ), Արամ Խաչատուրեանի «Էնզէլի» (Գ. խումբ) եւ ժողովրդական «Շալախօ» (Բ. խումբ-մանչեր), մենակատար՝ Քաթրինա Ակոբի, Խաչատուր Աւետիսեանի «Իլիկներ» (Ա. խումբ), Արթիւր Սեդրակեանի «Նոր սերունդ» (Բ. խումբ) եւ Արա Գէորգեանի «Աւարայր» (Գ. խումբ) պարի բեմականութեամբ եւ մենակատարութեամբ՝ Արի Լիպարիտեանի:
Յայտագրի երկրորդ բաժինով «Նայիրի»ն յաջորդաբար հրամցուց.-
Յարութ Փամպուքճեանի «Ճազ արմենիա» (Բ. եւ Գ. խումբեր), Նունէ Աւետիսեանի «Ճազի աղջիկներ կու գան» (Գ. խումբ), Արամ Խաչատուրեանի «Լեզգինկա» (մանչերու Գ. խումբ), «Էլէմընթ»էն «Նուպար» (Գ. խումբ), մենակատարուհիներ՝ Մեղրի Փափազեան եւ Քրիսթա Անի Ալաճաճեան, Յովհաննէս Պատալեանի «1000 տարի» եւ «Մաքրուհի ջան» (Ա. խումբ), Խաչատուր Աւետիսեանի «Հանինա» (Բ. խումբ), ժողովրդական «Տօնական պար» (Ա. խումբ եւ մանչեր), Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» (Գ. խումբ), Խաչատուր Աւետիսեանի «Վեր-վերի» (Ա. խումբ), ժողովրդական «Շալախօ» (Գ. խումբ եւ մանչեր) եւ Արա Գէորգեանի եղանակներով «Փակման պար» (Ա., Բ., Գ. եւ մանչերու խումբեր):
Իր կարգին, նախ Մարալ Վարժապետեան գեղեցկօրէն ասմունքեց Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»էն հատուածներ եւ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն, իսկ պարախումբի անդամներէն Տիգրան Ալթունեան տպաւորիչ կերպով ասմունքեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»էն հատուածներ:
Պարեր թէ ասմունքներ, արժանացան ներկաներու երկար ծափողջոյններուն:
Ազգային շունչ կար յայտագրէն ներս: Անոր համար շնորհաւորելի են պարախումբի բոլոր անդամներուն ճիգերը եւ յատկապէս մենակատարները, որոնք ինքնատիպ ու համաչափ շարժումներով ձեռնարկը դէպի յաջողութիւն առաջնորդեցին:
Խորքին մէջ այս ձեռնարկը ոչ միայն բարենիշ մը եղաւ պարախումբի եւ անոր անդամներուն ու պարուսոյցներուն, այլեւ Հովիտի «Համազգային»ին ու «Համազգային»ի մեծ ընտանիքին:
Ձեռնարկի բացառիկ յաջողութեան իրենց արդար նպաստը բերած էին Ճորճ Պաղտոյեան՝ երաժշտութեան եւ պարեղանակներու, Մարալ Վարժապետեան՝ հանդիսավարուհի եւ ասմունքող, Արա Հայրապետեան եւ օգնական Անի Գարամատեան՝ բեմավարութեան, Թինա Հայրապետեան հագուստներու դասաւորման, Անէթ Կիւրեղեան, Էտնա Շիրվանեան եւ Մարկրիթ Նալպանտեան՝ հագուստներու պատասխանատու բաժիններով:
Ակնյայտ էին խումբի պարուսոյց եւ ղեկավար Քաթրին Հայրապետեանի եւ Արի Լիպարիտեանի ճաշակը, պարերու տարազներու ձեւաւորման եւ անոնց գոյներու համաչափ զանազանութեան մէջ: Այլ խօսքով երգ, եղանակ, ձայն, տարազ, հագուստ, լոյսի խաղ, ոտքերու եւ ձեռքերու ներդաշնակ շարժումներ, եկան անգամ մը եւս հաստատելու, թէ «Նայիրի»ն իսկապէս կը հմայէ:
Ձեռնարկի դադարին, տեղի ունեցաւ պարախումբին ի նպաստ հրապարակուած վիճակահանութեան տոմսերու յայտարարման բաժինը:
Վարձքը կատար բոլորին եւ յատկապէս «Համազգային»ին: Մեր մաղթանք է, որ խումբը չմարող խանդավառութեամբ շարունակէ իր աշխատանքը: