Անցնող Ապրիլի վերջին օրերուն կարելիութիւն ունեցայ ծննդավայրս՝ Սուրիա այցելելու։ Հալէպ այցելութիւնս հիմնականին մէջ կը նպատակադրէր տեսնել քոյրս եւ իր հասած զաւակները։ Երբ տնեցիներուն յայտնեցի նաեւ Տէր Զօր այցելելու փափաքս, քրոջս տղան անմիջապէս ստանձնեց առաջնորդութիւնս։ Այսպէս էր, որ Ուրբաթ օրով մենք ճամբայ ելանք դէպի Տէր Զօր՝ հոգիի պարտք մը տալու անհուն ցանկութեամբ։ Երկու օրուան մէջ 2000 քիլոմեթր ճամբայ կտրելը անհաւատալի բան մըն էր ինծի համար, բայց շնորհիւ քրոջս զաւկին՝ յաջողեցայ պարտքս կատարել՝ ի յիշատակ նախնիներուս եւ միլիոնաւոր հայ նահատակներուն:
ՏԷՐ ԶՕՐ
Քոյրս՝ Անժէլը, մանչը՝ Րաֆֆին եւ ես առաւօտ կանուխ ուղղուեցանք դէպի հարաւ, անցանք Եփրատի արեւմտեան ափէն, հասանք Ռաքքա գիւղաքաղաքը, ապա իջանք հարաւ եւ կէսօրուան ժամը 12:00ին ոտք դրինք Տէր Զօր։ Մեր առաջին գործը եղաւ այցելել Տէր Զօրի Հայաստանեայց Առաքելական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որուն դրան զանգակը երկու անգամ հնչեցնելէ ետք դիմաւորուեցանք Տիգրան Կարապետեան անունով հայորդիի մը կողմէ, որ եկեղեցւոյ պահակն էր։ Կարճատեւ խօսակցութենէն ետք հասկցանք, որ այս հայորդին իր կնոջ եւ երեք զաւակներով կը զբաղի եկեղեցւոյ գործերով։ Այդ պահուն էր, որ քովի սենեակէն լսեցի հայերէն խօսակցութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ին յատկացուած յատուկ սրահի մը մէջ հաւաքուած էին խումբ մը տեղացի հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ, որոնք հայերէն կը սորվէին հայ ուսուցչուհիի մը առաջնորդութեամբ։ Յուզիչ էր պատկերը։ Իսկ աւելի յուզիչ՝ լսածներս։ Հայ տիկինը, որ կը կոչուի Ռոզին Պասմաճեան, ամէն Հինգշաբթի Հալէպէն Տէր Զօր կու գայ եւ տեղւոյն հայ պատանիներուն անվճար հայերէն կը սորվեցնէ Ուրբաթ առաւօտուն, ապա նոյն օրուան յետմիջօրէին կը վերադառնայ Հալէպ։ Վստահաբար այս տիկինը եւս հոգիի պարտք մըն է, որ կը կատարէ ամէն շաբաթ, իր անձնական ինքնաշարժով ամբողջ անապատ մը կտրելով…
Զգացումներս սկսան յորդիլ ինձմէ անկախ։ Այդ պահուն ամէն բան ուրիշ իմաստ սկսաւ ստանալ։ Լո՜ւռ շրջագայեցայ եկեղեցւոյ անկիւնները, նկարուեցանք սիրելիներով եւ ամէն վայրկեան միտքս եկան մեծ հօրս պատմածները, արդէն քանի՜ տասնամեակներու հեռաւորութենէն…
Նոյն ատեն նաեւ մէջս սկսան ներգործել օտարազգի ականատեսներու գրի առած պատումները։ Տէր Զօրէն շարունակած էինք դէպի հիւսիս եւ հասած՝ Սուար կոչուած շրջանը։ Սուարը այն շրջանն էր, ուր, ըստ գերմանացի բժիշկի մը վկայութեան, հազարաւոր հայ կիներ, աղջիկներ եւ պարմաններ 1915ի արհաւիրքի օրերուն ողջ-ողջ կրակը նետուած էին թուրքերու կողմէ։ Չդիմանալով այս տեսարանին՝ բժիշկը հեծած էր ձին եւ փախուստ տուած էր դէպի հիւսիս, դէպի արձակ բացերը, սակայն մինչեւ հոն եւս ժամեր ու ժամեր անընդհատ լսած էր այրող հայուհիներուն արիւն սառեցնող ճիչերը…
«ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՐԹԱԼ ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ»
Իրարու յաջորդող տխուր պատմութիւններուն մէջէն յանկարծ միտքս եկաւ նաեւ մեծ մօրս խօսքը, թէ՝ «եկեղեցի երթալ չեմ ուզեր»։ Քանի՜ քանի անգամ լսած էի անոր այս արտայայտութիւնը եւ այնքան տարօրինակ գտած եմ զայն, որ օր մը, տակաւին պատանի, համարձակեցայ հարցնել մեծ մօրս, թէ ինչո՞ւ ամէն անգամ փախուստ կու տար եկեղեցի երթալէն, մերժելով նոյնիսկ հարազատի մը թաղման արարողութեան ներկայ գտնուիլ։ Այն ատեն ինծի համար անընդունելի էր այս իրականութիւնը, որովհետեւ իմ ընկերներս գրեթէ ամէն Կիրակի իրենց մեծ մայրերուն ընկերակցութեամբ կը յաճախէին եկեղեցի, իսկ ես տեսակ մը ամօթով կը մնայի իրենց առջեւ…
Մեծ մայրս նախ չուզեց պատասխանել հարցումիս, բայց երբ շատ պնդեցի, հետեւեալը պատմեց. «5 Յունուար 1895ի խթման գիշերը ընտանեօք գացինք Ուրֆայի նշանաւոր Ս. Աստուածածնայ տաճարը, ուր հաւաքուած էին մօտաւորապէս հինգ հազար հայեր։ Այն ատեն հազիւ եօթը տարեկան էի։ Արարողութեան ընթացքին յանկարծ թուրքերը խուժեցին մեր վրայ։ Անմիջապէս փակուեցան տաճարին դուռները եւ կրակի տրուեցաւ եկեղեցին։ Իրարանցում սկսաւ։ Չեմ գիտեր՝ ի՛նչպէս հասած էի վերնատուն, երբ ամէն կողմէ մուխ կը բարձրանար դէպի վեր, իսկ եկեղեցւոյ ներքեւի պատուհաններէն գետի պէս դուրս կը յորդէին մարդկային խանձուած մարմնի իւղերու ալիքներ… ասիկա պատմութիւն չէ, եաւրո՛ւմ, այլ՝ իմ աչքերովս տեսած իրականութիւն։ Հիմա հասկցա՞ր, Տիգրանս, թէ ինչո՛ւ չեմ կրնար մտնել եկեղեցի… է՜հ… այդ օրէն ասդին ես որբ մնացի, որբանոցի մէջ մեծցայ… ինչպէ՞ս մոռնամ եղածը եւ ինչպէ՞ս կարենամ մտնել եկեղեցի, քանի որ ողջ-ողջ այրողներուն ճիչերը մինչեւ այսօր տակաւին ականջներուս մէջն են, իսկ այդ ահաւոր տեսարանը երբեք մոռնալ չեմ կրնար…»:
ՄԱՐԿԱՏԷ
Նոյն օրուան յետմիջօրէի ժամը երկուքի մօտերը հասանք Մարկատէ։ Մինչ այդ մեզի միացաւ քրոջս զաւկին արաբ գործընկերը, որ շրջանի հանրածանօթ աշիրեթապետներէն էր։ Րաֆֆին հեռաձայնով խօսած էր հետը եւ տեղեկացուցած՝ Տէր Զօրի շրջան մեր այցելութեան նպատակը։ Մարդը խոստացած էր անպայման մեզի միանալ Մարկատէի մէջ՝ մեր այցելութիւնը պատիւ մը համարելով իրեն։
Մարկատէի շրջանը բլրային է, ճամբէն կը զատուի եւ բարձրանալ կը սկսի բլուր մը, որուն ետին, Եղեռնի օրերուն, թուրքերը անխնայօրէն հայեր կը ջարդէին՝ հոն հասած գաղթականները դուրս բերելով շարքերէն։ 1990ականներու սկիզբին էր, որ յայտնաբերուեցաւ Մարկատէն՝ իբրեւ հաւաքական գերեզման բազմահազար հայորդիներու, որոնց ոսկորներուն բեկորները մինչեւ օրս տակաւին անթաղ կը մնան աւազներուն տակ։ Նաեւ այդ թուականներուն էր, որ Կիլիկիոյ թեմի այդ օրերու կաթողիկոս, ապա Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. մատուռ մը կանգնեցուց այդ բլրակին վրայ՝ ի յիշատակ անշիրիմ նահատակներու հոգիներուն։ Ներկայիս մատուռին պահակութիւնը կ՚ընէ տեղացի արաբ մը, Նաշմէ Սլաուի անունով։ Տակաւին նոր ծանօթացած էինք մարդուն, երբ յանկարծ քանի մը արաբ տղամարդիկ մօտեցան պահակին եւ զայն քիչ մը անդին տանելով՝ բաներ մը ըսին անոր։ Սլաուի նաեւ ձեռքով հասկցնելէ ետք, որ բան չկայ, ճամբեց նորեկները, ապա մեզի դառնալով բացատրեց, թէ տեղական գաղտնի սպասարկութեան անդամներ են, երբ անծանօթ ինքնաշարժներ նկատեն, անմիջապէս կու գան եւ կը ստուգեն, պարզապէս վստահ ըլլալու համար, որ եկողները թուրքեր չեն, այսինքն շրջանին որեւէ վտանգ չի սպառնար։
Սուրիացի պահակին առաջնորդութեամբ մենք վկաները եղանք Մարկատէի մէջ ջարդուած հայերու ոսկորներուն մնացորդացին։ Ան ցոյց տուաւ մեզի այն ոճրային քարայրը, ուր թուրքերը բազմահազար հայեր լեցուցած եւ այդպէս սպաննած էին զանոնք։ Երբ մութ քարայրին հսկայական բացուածքէն ներս նայեցանք, անթաղ ոսկորներու ամբողջ կոյտեր տեսանք։ Անհաւատալի իրականութիւն։ Եթէ հողը թեթեւ մը փորես, տակաւին հայու աճիւններ դուրս կու գան հոնկէ։ Սլաուիի տուած բացատրութիւնները այնքան իրական էին, որ կարծես կանգ առած ըլլար ժամանակը. 91 տարուան հեռաւորութիւնը չէր յաջողած լռեցնել տակաւին ճչացող ճշմարտութիւնը։ «Մեծ մայրս հայուհի մըն էր, Մարիամ Մուրատ անունով», անակնկալօրէն աւելցուց Սլաուիի՝ յանկարծակիի բերելով բոլորս։ «Մարիամ Մուրատեա՞ն, արդեօք», հարց տուի միտքէս…
ՀԱՅ ՍՐԲՈՒՀԻՆ
Մարկատէէն ուղղուեցանք դէպի հիւսիս-արեւելք, հասանք Հասաքէ կոչուած շրջանը եւ մեր ճամբան շարունակեցինք դէպի Ռաս ուլ Այն։ Կէսօրէ ետք ժամը չորսն էր, երբ հասանք նշեալ վայրը։ Մեզի ընկերակցող աշիրեթապետին հրաւէրով առինք ճաշի դադար, տեղական ճաշարանի մը մէջ, որմէ ետք շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Թէլ Ապեատ (սպիտակ բլուր), ուր եւ կը բնակէր աշիրեթապետը։ Ան գրեթէ ստիպեց մեզի՝ իր տուն մտնել եւ հանգստանալ, որովհետեւ արդէն մութը կոխած էր։ Սովորական տուն մը չէր մեր մտածը, այլ՝ հսկայական ապարանք մը։ Կարճ ժամանակ յետոյ մեզի այցելութեան եկան աշիրեթապետին եղբայրն ու կիները։ Առաջին կինը, երբ իմացաւ, որ մենք հայ ենք, անակնկալօրէն ոգեւորուեցաւ եւ պատմեց, թէ իր հօր կիներէն մէկը հայ եղած է եւ մահացած՝ քանի մը տարի առաջ, խոր ծերութեան մէջ։ «Երբ թաղման երկրորդ օրը, ըստ մեր սովորութեան, խումբ մը կիներով այցելութեան գացինք հայուհիին գերեզմանը, գրեթէ ափ ի բերան մնացինք։ Հօրս հայ կնոջ գերեզմանէն լոյս մը կ՚արձակուէր դէպի երկինք, այնպիսի հրաշալի լոյս մը, որ բոլորս հաստատեցինք, թէ հրաշք մըն էր, որ տեղի կ՚ունենար։ Այդ պահուն նաեւ ընդունեցինք, որ հօրս հայ կինը սրբուհի մըն էր», պատմեց իսլամ կինը՝ անակնկալի բերելով մեզ բոլորս։
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆ
Այդ գիշեր քնացանք աշիրեթապետին տունը. առաւօտ կանուխ, երբ արթնցայ, անմիջապէս պատշգամ ելայ։ Ճիշդ դիմացս հսկայ տարածութիւն մը բացուած էր, որուն շուրջբոլորը փշաթելեր բարձրացած էին։ Թրքական հսկայական դրօշակ մը կը ծածանէր աչքիս առաջ։ Հասկցայ, որ կը գտնուիմ Թուրքիոյ սահմանին շատ մօտիկ։ Աշխարհագրական դիրքը նկատի առած՝ հաստատեցի, որ տեսածս Արեւմտահայաստանի մէկ մասնիկն էր, մեր հողերուն մէկ անբաժան տարածութիւնը, թրքական փշաթելերով երիզուած։ Տակնուվրայ եղայ։ Օրուան մը ընթացքին տեսածներս եւ լսածներս տեսակ մը ահագնացան հոգիիս մէջ եւ պոռթկումի վերածուեցան։ Թո՞ւրքը անիծեմ, թէ հայութեան բախտը ողբամ։ Չեմ հաւատար, որ կեանքի ոգիին կը յարմարի անէծքը, բայց միաժամանակ չկրցայ զսպել ինքզինքս։ Տակաւին իմ մտածումներուս հետ էի, երբ ինծի մօտեցաւ աշիրեթապետը եւ սկսաւ ինք եւս դիտել իմ նայած կողմս։ Կարծես կարդաց միտքս, որովհետեւ անմիջապէս բացատրեց, որ արդէն կը գտնուինք Թուրքիոյ գլխաւոր մուտքերէն մէկուն առջեւ, եւ թէ հազիւ 35 քիլոմեթր տարածութիւն մը մեզ կը բաժնէ Ուրֆայէն։ Ուրֆա՜… ի՜նչ տարօրինակ զուգադիպութիւն։ Եռօրեայ ուխտագնացութիւնս կարծես օրհնուած ըլլար նաեւ մեծ հօրմէս, որուն ծննդավայրին դիմաց կեցած՝ հիմա կը զգայի, որ նաեւ իր աչքերով է, որ կը դիտէի անարդարօրէն մեզմէ խլուած հայրենիքին մէկ անմոռանալի հողակտորը…