Հրանդ Տինքի անարգ սպանութիւնը դատապարտումի ալիք մը ստեղծեց հայկական եւ միջազգային շրջանակներէ ներս: Նախագահներ ու կրօնական պետեր հրապարակեցին դատապարտումի յայտարարութիւններ, որոնցմէ են հետեւեալները.-
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԺԱՔ ՇԻՐԱՔԻ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐԸ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԱՅՐԻԻՆ՝ ՌԱՔԷԼ ՏԻՆՔԻ.- «Տիկի՛ն, ստացայ ահաւոր գոյժը այն սուգին, որ այսքան անակնկալ ձեւով կը հարուածէ ձեզ, ձեր զաւակները եւ ձեր ընտանիքէն անդին՝ Թուրքիոյ ամբողջ հայ հաւաքականութիւնն ու Թուրքիոյ ամբողջութիւնը։
«Չեմ գտներ այս քստմնելի արարքը դատապարտելու բաւականաչափ կարծր բառեր. արարք մը, որ Թուրքիան կը զրկէ իր ամէնէն քաջ ու ամէնէն ազատ ձայներէն մէկէն։ Հրանդ Տինք դեր ստանձնած էր ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար մղուած բոլոր պայքարներուն մէջ։ Տասնամեակ մը առաջ իր հիմնած «Ակօս»ի սիւնակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր բեմերուն վրայ ան դարձած էր դատապաշտպանը թէ՛ յիշողութեան պարտականութեան, թէ՛ ալ թուրք-հայկական հաշտութեան։ Ան կը հաւատար այս երկխօսութեան, անոր անհրաժեշտութեան։
«Թոյլ տուէք, որ շատ ցաւալի այս պայմաններուն մէջ ձեզի, ձեր զաւակներուն եւ թերթի անձնակազմին յայտնեմ իմ տխրասիրտ ցաւակցութիւններս։
«Հաճեցէք ընդունիլ, տիկի՛ն, յարգանքիս, ինչպէս նաեւ ձեր սուգին ու փորձութեան մէջ զօրակցութեանս արտայայտութիւնը»։
ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ցաւակցեցաւ Հրանդ Տինքի հարազատներուն, նշելով, որ հանրայայտ լրագրողի սպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ հարցականներ կը յառաջացնէ եւ խստագոյնս դատապարտելի է: «Յուսով ենք, որ Թուրքիայի իշխանութիւնները կ’անեն հնարաւորը՝ մարդասպաններին բացայայտելու եւ օրէնքի ողջ խստութեամբ դատապարտելու համար», ըսաւ ՀՀ նախագահը:
ԼՂՀ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐԿԱՏԻ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- «Այդ յանցագործութիւնը 1915թ. հայերի ցեղասպանութեան հետ կապուած Թուրքիայում այլակարծութեան նկատմամբ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի շարունակուող արմատաւորման, միջազգային եւ սեփական հանրութիւնից պատմական ճշմարտութիւնը թաքցնելու թուրքական ղեկավարութեան փորձի ապացոյցն է»: ԼՂՀ նախագահը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Անգարայի իշխանութիւնները բոլոր անհրաժեշտ միջոցները կը ձեռնարկեն այդ յանցագործութեան շուտափոյթ բացայայտման համար, իսկ անոր իսկական կազմակերպիչները եւ իրագործողները կը կրեն արժանի պատիժ:
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.- «Խորը ցաւով լսեցինք «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին: Նրա անժամանակ եւ եղերական մահը ցնցել է բոլորիս: Սգում ենք մեր ողջ ժողովրդի հետ կորուստը եւս մէկ մտաւորական անմեղ զոհի: Խորին վրդովմունքով դատապարտում ենք դաւադիր այս սպանութիւնը, որը մեր ժողովրդից խլեց շնորհալի, քաջասիրտ իր զաւակին, ով իր գրիչը հաւատով ծառայեցնում էր ի սէր արդար ու ազատ, խաղաղ կեանքի եւ աւելի լաւ աշխարհի:
«Մենք նոյնպէս ակնկալում ենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի բացայայտեն եւ օրէնքի խստութեամբ պատժեն յանցագործներին»:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.- «Հրանդ Տինք եղաւ տեսիլքի ու հաւատքի մարդ։ Որպէս նուիրեալ հրապարակագիր ու խմբագիր, քննադատեց Հայկական Ցեղասպանութեան ծալքերը փակելու Թուրքիոյ կողմէ կատարուող բոլոր փորձերը։ Քաջաբար կոչ ուղղեց ան Թուրքիոյ այժմու պետութեան, ընդունելու անցեալին իր կատարած սխալները մարդկութեան դէմ, ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իբրեւ ոճիր մարդկութեան դէմ, նախածրագրուած ու գործադրութեան դրուած Օսմանեան թրքական կայսրութեան կողմէ։ Ճշմարտութեան ընդունումը եւ մարդկային իրաւանց յարգումը հիմնական սկզբունքները եղան Հրանդ Տինքին համար, ազգերն ու ժողովուրդները հաշտութեան առաջնորդելով։
«Կարելի չէ՛ ճշմարտութիւնը սպաննել, ֆիզիքապէս սպաննելով անոր հրապարակախօսը։ Արդարութեան ու ազատութեան ձայնը կարելի չէ լռեցնել ահաբեկչական ստոր միջոցներով։
«Հայկական Դատը արդարութեան դատ է։ Մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներու զաւակները պիտի շարունակեն իրենց արդար պայքարը, հասնելու համար իրենց բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման»:
Ա. ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ.- «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը միանշանակ քաղաքական դրդապատճառներով կատարուած սպանութիւն է եւ շատ յստակ ցոյց է տալիս, թէ ինչպիսի մթնոլորտ է այսօր Թուրքիայում:
«Բնականաբար սա ցոյց է տալիս, որ Թուրքիան շարունակում է մնալ նոյն ցեղասպան Թուրքիան, չի փոխւում այդ երկիրը, եւ այս կրակոցից պէտք է շատ լուրջ հետեւութիւններ անել: Միեւնոյն ժամանակ յստակ է դառնում, որ այն պայքարը, որը հիմա Ֆրանսիայում ծաւալւում է եւ թափ է առնում՝ ցեղասպանութեան ուրացման եւ մերժման դէմ, իսկապէս այժմէական է»: