ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ի գիշերը, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի միջամտութեան շնորհիւ կարելի եղաւ ազատ արձակել նոյն օրը առեւանգուած եւ աւելի քան 12 ժամ պատանդ պահուած սպանացի լուսանկարիչ մը, որ ամերիկեան «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան համար կ’աշխատէր: Ան 2004էն ի վեր առեւանգուած 11րդ լրագրողն էր Կազայի մէջ:
Նկարին մէջ, սպանացի լրագրողը (կեդրոնը) պաղեստինցի գաղտնի ոստիկաններու հետ: