ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Յունուար 23ին, բազմահազար յուղարկաւորներ մասնակցեցան Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան։
Ծովածաւալ յուղարկաւորներու թափօրը թերթին խմբագրատունէն ուղղուեցաւ մօտաւորապէս հինգ մղոն հեռու գտնուող Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցին, ուր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի նախագահութեամբ:
Ճամբան, Տինքի հարազատները սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին, իբրեւ նշան խաղաղութեան: Ճամբու երկայնքին, հազարաւորներ հաւաքուած էին ու շատեր ծաղիկներ կը նետէին թաղման թափօրին առջեւ: Պոլսոյ քաղաքամէջը փակուած էր:
«Ան մահացաւ իր խիղճն ու հաւատքը, ինչպէս նաեւ արտայայտուելու իրաւունքը պաշտպանելով: Ան ժողովրդավարութեան զօրաւոր պաշտպան մըն էր», յայտնեց պատրիարք Մութաֆեան: «Կը յուսանք, որ անոնք (թուրքերը) կ’ընդունին, որ հայերը Թուրքիոյ քաղաքացի են, որ այս հողերուն վրայ կ’ապրէին հազարաւոր տարիներէ ի վեր, ու օտարականներ կամ թշնամիներ չեն», աւելցուց ան:
Տրուած ըլլալով, որ եկեղեցին շատ փոքր էր հոծ բազմութեան համար, դուրսը մնացողները հսկայ պաստառի մը վրայէն հետեւեցան արարողութեան: Տինք թաղուեցաւ Պալըքլըի հայկական գերեզմանատան մէջ:
Իր կարգին, Հրանդ Տինքի կողակից Ռաքէլ Տինք յայտնեց. «Ճամբայ կը դնենք մեր եղբայրը առանց լոզունգներու եւ առանց հարցնելու, թէ ինչպէս մանուկ մը ոճրագործ դարձաւ», ակնարկելով Տինքը սպաննելու ամբաստանութեամբ ձերբակալուած 17ամեայ թուրք քաղաքացիին: «Ոչ մթութիւնը, ոչ վախը եւ ոչ մահը մեզ պիտի պարտադրէ մոռնալ», աւելցուց ան:
Յուղարկաւորներուն մեծ մասը կը կրէին «301րդ յօդուածն է ոճրագործը», «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք» կամ «Բոլորս հայ ենք» կարգախօսները կրող սեւ-ճերմակ ցուցապաստառներ:
Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցիչ Շահէ Ծ. վրդ. Փանոսեան եւ Ռումանիոյ, Գերմանիոյ ու Ֆրանսայի առաջնորդ սրբազանները։
Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան: Ներկայ էին նաեւ այլ օտար դիւանագէտներ եւ Եւրոխորհրդարանի անդամներ, մինչ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ներկայացուցին փոխվարչապետ Ալի Շահին եւ ներքին գործոց նախարար Ապուլքատիր Աքշու:
Վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակը հաղորդեց, թէ վարչապետը ներկայ չէ կրցած ըլլալ, որովհետեւ հանդիպում մը ունէր Իտալիոյ վարչապետ Ռոմանօ Փրոտիի հետ:
Յայտնենք, թէ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչ Լակէնտիժք Երկուշաբթի օր ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ Տինքի բնակարանը։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ յուղարկաւորութեան մասնակցելու նպատակով Թուրքիոյ կողմէ Սփիւռքի ու Հայաստանի պատուիրակութիւններուն ուղղուած հրաւէրը ու «ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութիւնը» պէտք չէ մեկնաբանուին իբրեւ քաղաքական մերձեցումի ազդանշան։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ եւս դիտել տուաւ, որ Թուրքիա կարեւոր մեղադրանքէ մը փրկուեցաւ, երբ այսքան շուտ ձերբակալուեցաւ մահափորձին հեղինակը։
Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին ոստիկանական քննութիւնը ոճրագործին ետին գտնուող շղթային երկրորդ օղակէն վերջ յաջողեցաւ երեւան հանել երրորդ օղակը եւս: Երկրորդ օղակը Եասին Հայալն էր, որ Տրապիզոնի մէջ «ՄըքՏանըլտզ» ճաշարանին վրայ 2004ին տեղի ունեցած յարձակումին մասնակցած էր։ Երեւան հանուեցաւ, որ անոր ետին կար Էրհան անունով այլ անձ մը, որ գլխաւոր կազմակերպիչը ըլլալ կը թուի այս արարքներուն։ Այս երրորդը կապ կը հաստատէր միայն Եասին Հայալի հետ եւ ուղղակի կապ չունէր ոճրագործին՝ Օկիւն Սամասթի հետ։
Եասին Հայալ հարցաքննութեան ընթացքին ըսած է, որ Տինք իբր թիրախ ընտրուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իր ըրած խօսքերուն պատճառաւ։ «Երբ տեսանք, որ պետութիւնը ոչինչ կ՚ընէր Հրանդ Տինքին դէմ, որոշեցինք սեփական միջոցներու դիմել», ըսած է ան:
Ձերբակալուած եօթը կասկածելիներու շարքին է Էրհան Թ. անունով անձը, որ հաւանաբար կապեր ունի նաեւ Տրապիզոնի մէջ անցեալ տարի սպաննուած իտալացի հոգեւորականի մահափորձին հետ։