ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը եւ Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդը (ՄԻՄԽ), գործակցաբար, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց հացադուլ պիտի կատարեն Յունուար 2-6՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու եւ այդ ուղղութեամբ հանրութիւնը լուսաբանելու նպատակով:
Կազմակերպիչներէն եւ հացադուլի մասնակիցներէն Սօսէ Էսմայիլեան ըսաւ, որ մեր նախահայրերը սովի, տանջանքներու, բռնաբարութեան եւ այլ բրտութիւններու ենթարկուեցան, իսկ մենք մեր քանի մը օրուան հացադուլով կ’ուզենք հանրութեան ցոյց տալ իրենց կրած այդ տառապանքները:
Նման արտայայտութիւն ունեցաւ ՄԻՄԽի անդամներէն Մարի Ղանիմէ եւ դիտել տուաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան անպատիժ մնալը պատճառ դարձաւ, որ նորանոր ոճիրներ գործուին: