Գերաշնորհ սրբազան հայրեր,
Յարգարժան վերապատուելի,
Հոգեւոր հայրեր,
Մեծարգոյ գլխաւոր հիւպատոս Հայաստանի Հանրապետութեան պրն. Արմէն Լիլոյեան
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան մեծարգոյ փոխնախարար պրն. Բագրատ Եսայեան,
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ընդամ ընկեր Վիգէն Յովսէփեան
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ ընկեր Արմէն Ռուստամեան,
Կազմակերպութեանց եւ հաստատութեանց ներկայացուցիչներ,
Թանկագին ժողովուրդ եւ սիրելի ընկերներ,
Ահաւասիկ, համաձայն մեր աւանդութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան առիթով կրկին կը հաւաքուինք, մեր գործի արժեւորման բաժնեկից դարձնելու մեր ժողովուրդը եւ տօնախմբելու ծնունդը այն կազմակերպութեան, որ իր կրակի մկրտութիւնը ստացաւ տառապած հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ի խնդիր պայքարի ճամբուն՝ սխրագործութիւններու եւ նահատակութիւններու ընդմէջէն:
Հայ ժողովուրդի ծառայութեան կոչուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը առաջնորդուած է իր ժողովուրդով, որուն փարած է այնքան՝ որքան հաստատուն կաղնին իր արմատներուն: Ժողովուրդի պահանջներն ու իղձերը եղած են մեր ներշնչարանը, իսկ անոր բազկերակը՝ մեր ուղեցոյցը: Այդ իմաստով, իրմէ կը սպասենք մեր աշխատանքի գնահատականը:
Դաշնակցութիւնը, հայրենի թէ սփիւռքեան գործունէութեան դաշտին վրայ, միշտ գործակցած է բոլոր այն կազմակերպութեանց ու կառոյցներուն հետ, որոնց մօտ հայ ժողովուրդի շահերն են միայն գերակշռողը: Այդ հասկացողութեամբ, հատուածական հաշիւները որեւէ ժամանակ պէտք չէ արգելակող դառնան ընդհանուր գործին եւ ազգային հիմնական շահերուն:
Խօսելով այս ծիրէն ներս սփիւռքեան, յատկապէ՛ս ամերիկեան տարածքի մեր փորձառութեան մասին, կ’արձանագրենք այն դժբախտ իրողութիւնը, որ տակաւին կը յամենան խմբաւորումներ, որոնք Հայ Դատի ու հայութեան անունով խօսելով հանդերձ, խորքին մէջ կը վնասեն հայ ժողովուրդի շահերուն, վտանգելով տասնամեակներու պայքարով նուաճուած ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ առաւել եւս դժուարացնելով քաղաքական դաշտի բարդ աշխատանքը: Այդ խմբաւորումները, տեղի տալով պարտուողական մտայնութեան, նաեւ ձեռնարկած են օտար կառոյցներ դարպասելու ամօթալի եւ վտանգաւոր աշխատանքին: Կամաւոր կերպով այդ թակարդը ընտրած մարդկանց կրկնութեան գնով կ’ըսենք, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքները եւ հայրենիքի շահերը սակարկութեան առարկայ չեն կրնար դառնալ: Կ’ըսենք նաեւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային եւ նոյնինքն ոճրագործ Թուրքիոյ ճանաչումով ու դատապարտումով՝ հայութեան քաղաքական օրակարգը չի փակուիր: Այլ՝ կը բացուի պահանջատիրութեան էջը՝ բռնագրաւեալ հողերու վերադարձին եւ վնասուց արդար հատուցման համար:
Ահա այս առումով մեծապէս կը կարեւորենք աշխարհով մէկ, յատկապէ՛ս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբերու աշխատանքը, որ իբրեւ նոր օրերու բանակ, կը գտնուի պայքարի առաջին գիծերուն վրայ: Այդ բանակը ընկրկում, յոգնութիւն եւ տեղատուութիւն չի ճանչնար: Ունի յստակ ուղղութիւն՝ յաղթանակին վրայ յաղթանակ, նուաճումին վրայ նուաճում արձանագրել: Յետադարձ ակնարկ մը նետելով Հայ Դատի Յանձնախումբերու անցած տասնամեակներու աշխատանքին եւ հայութեան շահերուն համար անոր արձանագրած նուաճումներուն, պիտի տեսնէք, թէ ինչքա՜ն հարստութիւն կուտակուած է հոն: Տասնամեակներու հսկայական փորձառութիւն ու գիտութիւն, որ կարելի է վաստակիլ միայն ու միայն տքնաջան ու հերոսական աշխատանքով:
Անդրադառնալով հայ երիտասարդութեան, որուն վիճակուած է ապրիլ ու գործել ազգայնակուլ համաշխարհայնացման (globalization) ճահիճին մէջ, ապաքաղաքականացած եւ գաղափարաբանութենէ պարպուած միջավայրի մը մէջ, կը շեշտենք նորահաս սերունդներուն ազգային գիտակցութիւն, գաղափարական լիցք եւ մարտունակ ոգի փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը, որմէ կախեալ է մեր ժողովուրդի ապագան ու յատկապէ՛ս ներկան: Հայ երիտասարդութիւնը ժողովուրդի ապագան երաշխաւորող ազդակ ըլլալէ անդին՝ է նաեւ այսօրուան միտքն ու բազուկը: Նայեցէք ու պիտի տեսնէք, որ ամէնուրեք երիտասարդ միտքն է, որ դարձուցած է պատմութեան անիւը, անոնց խիզախութիւնն է, որ իրագործած է յեղափոխութիւններ եւ շրջած կացութիւններ՝ արդարութեան եւ ազատութեան վերականգնումին ի խնդիր: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր դէմքերէն Քրիստափոր՝ 31, Ռոստոմ՝ 23, իսկ Սիմոն՝ 24 տարեկան էին, երբ հիմը կը դրուէր հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարին նետուող այս կուսակցութեան:
Հ.Յ.Դ. Օրուան այս հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը նուիրելով Հայաստանի վերանկախացման 15 տարիներուն, կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտը դնել անկախութեան ու յատկապէ՛ս ընկերային արդարութեան գաղափարներուն վրայ, որոնք եղած են մեր կուսակցութեան ծրագրային անխախտ հիմերը: Անկախութիւնն ու պետականութիւնը կարելի չէ ամրակայել, եթէ հայրենի հողին իր քրտինքը շաղախող ժողովուրդի քաղաքացիական ազատութիւնները առաջնահերթութիւն չեն, անոր ընկերային ու տնտեսական ապահովութիւնը զուրկ չեն խտրականութենէ, կաշկանդումէ եւ շահագործումէ: Ժողովրդավարութեան ամբողջական կիրառումը, ժողովուրդի բարօրութեան ապահովումը հիմնաքայլերն են բարգաւաճ ու ապահով հայրենիքի կերտման:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նաեւ առաջնային կը գտնէ իւրաքանչիւր հայ անհատի Հայաստանի քաղաքացի դառնալու իրաւունքը: Դաշնակցութիւնը երկքաղաքացիութան դրօշակակիրը դարձաւ ու պիտի շարունակէ այդ ընթացքը, որովհետեւ կը հաւատայ, որ այդպիսով առաւել եւս կ’ամրագրուի ամէն մէկ հայու հայրենիքին կապուածութիւնը ու այդպիսով՝ հայրենի պետականութեան հզօրացման համար անոր պարտաւորութեանց իրագործումը:
Միեւնոյն ժամանակ եւ նոյն տարողութեամբ կը կարեւորենք հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը, որ պէտք է հաստատուի այնպիսի հիմերու վրայ, ուր կարողականութեանց փոխադարձ ներդրումով եւ ամբողջական զօրակցութեամբ՝ դառնան մէկը միւսին զօրաւոր թիկունքը: Հոս, կ’ուզենք շեշտել նաեւ Սփիւռքի կառոյցներու եւ կարողականութեան հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, որուն մէջ ներդրում պէտք է ունենայ նաեւ նոյնի՛նքն Հայաստանը: Սփիւռքահայութեան ազգային դիմագիծի ամրապնդումով եւ կարողութեանց բազմացումով հայրենիքը աւելիո՛վ պիտի օգտուի:
Պատմական իրաւունքներու վերականգնման՝ Ամբողջական Հայաստանի կերտումի ճամբուն վրայ, հայ ժողովուրդը իր յաղթանակի առաջին կնիքը դրաւ Արցախի ազատագրումով: Բի՜ւր յարգանք ինկած նահատակներուն: Կռուի դաշտին վրայ արձանագրուած յաղթանակը քաղաքական գետնի վրայ ամրագրելու բարդ կռիւն է, որ կը տարուի այսօր, որուն բարեյաջող ելքը մեր բոլորին սպասումն է: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը մնայ որպէս մշտարթուն պահակ, ամէն ճիգ ի գործ դնելով, որ հայ ժողովուրդի արեան գնով նուաճուած անկախութիւնն ու պատմական իրաւունքները ոտքի կոխան չդառնան:
Դաշնակցութիւնը նոյնպէս արթուն է, որ այսօրուան Չաւախքը չվերածուի երկրորդ Նախիջեւանի, ուր գերեզմաններն անգամ բնաջնջումի թիրախ դարձան: Չաւախքի հայութիւնը, իբրեւ անբաժան մասնիկը հայ ժողովուրդին, իր մարդկային եւ ընկերային տարրական իրաւունքներով եւ ազգային դիմագիծով պէտք է ապրի եւ ստեղծագործէ իր պապենական հողերուն վրայ:
Մեր ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր, ամէն անգամ, որ հայրենիքի փրկութեան ու վերելքին առնչուած անհրաժեշտութիւններ կամ Սփիւռքի որեւէ գաղութի օժանդակութեան հարց կը ստեղծուի, ամերիկահայութիւնը պէտք է մէկ մարդու նման ոտքի կանգնի եւ անսակարկ կերպով իր ներդրումի բաժինը ունենայ:
Այս իմաստով, մեծապէս կը կարեւորենք Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան համերաշխ ու համախոհ գոյակցութիւնը, որմէ պիտի օգտուին միայն ու միայն հայ գաղութն ու հայրենիքը: Յաճախ դժուարութիւններ կը ստեղծուին անհանդուրժողութեան կամ անյարգալիր վերաբերմունքի պատճառով: Քաղաքական, գաղափարական, գործելաոճային տարակարծութիւններ միշտ եղած են եւ ճիշդ է, որ ըլլան, որովհետեւ, վերջին հաշուով, միտքերու բախումէն է, որ կը ծնին ազնիւ գաղափարները: Սակայն զգոյշ պէտք է ըլլանք, որ այդ տարակարծութիւնները չերթան դէպի լարում եւ իրավիճակի շիկացում, որուն երեւոյթները դժբախտաբար տակաւին կը յամենան շրջանիս մէջ: Զանազան երկիրներէ այս շրջանը հաստատուած հայութեան այլազանութիւններն ու տարբերութիւնները եւ բոլոր կարելիութիւնները՝ աշխատաւոր, մտաւորական, գիտական, տնտեսական եւ այլ մարզերը դրական կերպով օգտագործելով, անոնց աւելցնելով նոյնքանով հասարակաց կէտերը, մենք պէտք է ունենանք ուժի հսկայական աղբիւր ու այդ կարողականութիւնը ի սպաս դնենք հայութեան եւ հայրենիքի հզօրացման:
Հայ ժողովուրդի պայքարը երկար է, սիրելի հայորդիներ: Հայրենիքը պէտք ունի մեր բոլորի գործնական ու անսակարկ նուիրաբերումին: Հայ ժողովուրդի իղձերը տակաւին կը մնան անկատար:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վերանորոգ ուխտով եւ հաստատ կամքով կը շարունակէ բարձր պահել հայութեան պայքարի դրօշը: Այսօր կու գանք հրապարակաւ անգամ մը եւս վերահաստատելու հայութեան դատին մեր պայքարի աննահանջ ուխտը:
Ամբողջական յանձնառութեամբ եւ զոհաբերութեան ոգիով հաւաքուինք հայրենիքի հզօրացման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման գործին շուրջ, մինչեւ ունենանք ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ: