«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի վարչութիւնը Լոս Անճելըսէն հաղորդեց ցանկը Ամերիկայի մէջ գործող այն կայաններուն, ուրկէ պիտի սփռուի յառաջիկայ Գոհաբանութեան օրուան թելեթոնը: Այս կայաններու շարքին է նաեւ «Հորիզոն»ը (Չարթըրի թիւ 55 կայան՝ Կլէնտէյլի, Լա Քրեսէնթայի եւ Պըրպէնքի մէջ), Ամերիկայի մէջ գործող միակ հայկական կայանը, որու դիտողները առիթը պիտի ունենան հետեւելու թելեթոնին՝ քէյպըլի թէ արբանեակային սփռումի միջոցով:
Տալասի մէջ, թելեթոնը պիտի սփռուի KPXD-ի 68րդ, ինչպէս նաեւ Time Warner-ի 26րդ կայանէն՝ Կեդրոնական ժամանակացոյցով, առաւօտեան 11էն մինչեւ երեկոյեան 5:
Հիւսթընի մէջ, KPXB-ի 49րդ կայանէն, Time Warner-ի 7րդ եւ Phonoscop-ի 49րդ կայանէն՝ Տալասի ժամերուն նման:
Լաս Վեկասի մէջ, KFBT-ի 33րդ եւ Cox-ի 6րդ կայանէն՝ ամբողջ տեւողութեան:
Ֆրեզնոյի եւ կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ, KJEO-ի թիւ 32 եւ Comcast-ի 14րդ կայանէն՝ առաւօտեան 8էն մինչեւ երեկոյեան 8:
Ֆինիքսի մէջ, KPPX-ի 51րդ, Cox-ի 17րդ եւ Qwest-ի 17րդ կայանէն, Լեռնային ժամանակացոյցով 11-5:
Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, KTSF-ի 26րդ եւ Comcast-ի 8րդ կայանէն, 8-6:
Սիէթըլի, Վանքուվըրի եւ Ուաշինկթըն նահանգի արեւմտեան շրջաններուն մէջ, KBCB-ի 24րդ եւ Comcast-ի 14րդ կայանէն՝ լրիւ օրը:
Իսկ Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, KSCI կայանէն (թիւ 18):
Թելեթոնը պիտի սփռուի նաեւ Հայաստանի Հանրային կայանէն (Հ1), ինչպէս նաեւ համացանցի վրայ www.armeniafund.org հասցէի կայքէջէն:
Այս տարուան թելեթոնի հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի Հադրութ շրջանին, կառուցելու ըմպելի ջուրի ցանց, առողջապահութեան կեդրոններ, դպրոցներ եւայլն: Նախորդ թելեթոնի գումարները տրամադրուած էին Մարտակերտի շրջանին: