ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական խորհրդարանի համացանցային կայքէն կ’իմանանք, թէ Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ աշխատանքներուն քննարկման ընթացքին, եւրոխորհրդարանականներ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին խստօրէն քննադատած են բարեկարգումներու դանդաղ ընթացքը, միաժամանակ շեշտելով, թէ Եւրոմիութեան անդամակցելու յոյս ունենալու համար Թուրքիա պէտք է դրացի պետութեանց հետ իր սահմանային հարցերը լուծէ, միաժամանակ շեշտելով, թէ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը «անընդունելի» է:
Սակայն, հակառակ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի որոշումին, Եւրոպական խորհրդարանը 283ի դէմ 320 քուէներով որոշեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ անդամակցութեան նախապայման մը չդարձնել, սակայն միաժամանակ շեշտեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը «յոյժ կարեւոր է» Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու աշխատանքներուն մէջ, որովհետեւ Եւրոմիութեան անդամակցիլ փափաքող իւրաքանչիւր երկիր պէտք է հաշտուի իր անցեալին հետ:
Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ դատապարտեցին Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին մաս կազմող թրքական «Թալաթ փաշա յանձնախումբը»:
Եւրոխորհրդարանը նաեւ շեշտեց, թէ անդամակցութեան բանակցութիւնները անպայմանօրէն Թուրքիոյ անդամակցութեան պիտի չառաջնորդեն, յատկապէս եթէ Թուրքիա իր խոստումները չյարգէ:
Քննարկման ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ Թուրքիա ցարդ ճանաչում չէ շնորհած Կիպրոսի հանրապետութեան, հակառակ այդ կապակցութեամբ Թուրքիոյ կառավարութեան տուած խոստումին:
Խորհրդարանականները նաեւ դատապարտեց Թուրքիոյ քրէական «բարեփոխուած» օրէնքի 301 յօդուածը, շեշտելով, թէ այդ յօդուածը առիթ կ’ընծայէ արտայայտուելու ազատութեան ոտնակոխումներու: