Կարծես նոր պիտի սկսի այս տարուան աշունը: Եղանակը բաւական ջերմ ընթացք ունի հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Այս մէկը սակայն պատճառ մը չէ նորաձեւութեան հնարամիտներուն ի յայտ չբերելու այն բոլորը, որ սպասուած են մարդոց կողմէ:
Գոյները անշուշտ աշնան լուրը կը բերեն: Առաւել, այս տարի քիչ մը աւելի վառ են աշնանային գոյները կամ սովորականէն տարբեր, ինչպէս սաֆիր քարի կապոյտը կամ մութ գինին գոյնը, տուրմի սրճագոյնը: Հիւսուած հագուստները կրկին աշնան հիմնական մասնիկը կը համարուին: Սուէթշըրթները աւելի պարզ վայրերու համար վերապահուած են, իսկ այն հագուստները, որոնք կը փաթթուին ձեր մէջքին ամբողջութեամբ, տակաւին կը մնան շատ ընդունուած ու փնտռուած, ու մանաւանդ հարուստ տեսքով: Անշուշտ տակաւին կրնաք օգտագործել եւ վստահութեամբ ճերմակ շապիկի հետ կարմիր գօտի պայուսակ, կօշիկ ու վզկապ, որոնք ենթական դուրս կը բերեն միապաղաղ վիճակէ մը:
Նեղ տափատները: Անշուշտ զանազան կերպասներով պատրաստուած այս նեղ տափատները կարելի է կրել ցերեկային մեր աշխատանքային օրերուն, նաեւ գիշերային մեր հաւաքներուն: Պարզապէս վերնաշապիկի լրջութեան աստիճանը կրնայ որոշել տուեալ վայրի հագցուելիք ըլլալու իրավիճակը: Ճինզերը նեղ, կամ բամպակով հիւսուած ամբողջութեամբ մարմինին փակած երեւոյթով տափատները կրնաք հագնիլ երկար վերնաշապիկներու տակէն ու ձեր մէջքը պարուրեցէք գօտիով մը՝ շատ թուլութենէն խուսափելու համար:
Այր մարդոց եղանակով: Նորաձեւութեան աշխարհի կանացի բաժինը միշտ ունեցած է այր մարդոց եղանակով իգականացուած նորաձեւութեան նմոյշներ: Ասոնք սակայն անպայման իրենց հետ ունին շատ նուրբ ու կանացի մասնիկները այդ հակադրութիւնը պահելու եւ անոր ընդմէջէն առաւել եւս գեղեցկութիւն ցուցաբերելու համար: Օրինակ, դուիթ կերպասով բաճկոններ եւ անոնց հետ շատ նուրբ տափատներ կամ վերնաշապիկներ: Նորաձեւութեան աշխարհը այս եղանակին տարօրինակ կերպով կեդրոնացած է հակադրութիւններու վրայ, ինչպէս՝ զինուորական ձեւի բաճկոններու հետ նուրբ եւ փափուկ մետաքսեայ փողկապներ կամ վերնաշապիկներ: Ամէնէն շատ ընդհանրացած են այս եղանակին կեղծ մուշտակով հարուստ վիզերով բաճկոնները այս տարուան աշնանային նորաձեւութեան համար:
Քանի մը «յարկ» հագուելու սովորութիւնը կը սկսի այն ատեն, երբ ջերմաստիճանը կը նուազի: Բարեբախտաբար սակայն, այն ինչ որ մեզի ջերմութիւն կու տայ, նորաձեւութեան աշխարհին ալ գոհացում պիտի տայ այս եղանակին: Մի մտահոգուիք, եթէ ձեր նախասիրած մասնիկները իրար վրայ «կուտակեցիք», անոնք պիտի ըլլան աւելի հետաքրքրական: Հիւսուած վերնամասերը բարակ շապիկներուն վրայ, անոնց տակէն փէշ կամ եթէ երկար է ու յարմար՝ ձեր վերնաշապիկը մարմինին փակած տափատ մը եւ անպայման ձեր մէջքի գեղեցկութիւնը պարուրող գօտին:
Կարճ եւ փոքր բաճկոնը պիտի նուազեցնէ պաղին ազդեցութիւնը ձեր մարմինին վրայ, ինչպէս նաեւ ձեզ պիտի դարձնէ նորաձեւութեան մէկ մասնիկը: Անոր տակէն կրնաք հագնիլ ճերմակ երկար վերնաշապիկ ու գօտի:
Կօշիկներն ու մոյկերը իրենց տարբեր ձեւերով կ’ամբողջացնեն ձեր հագուածքին գեղեցկութիւնը: Աշնան եղանակը իր հետ բերած է երկու տարբեր մասնիկներ կօշիկներու աշխարհէն ներս: Առաջին, տակը լեցուն կօշիկները եւ ապա մոյկերը: Այս բաժիներ եւս հարուստ է ճոխ հաւաքածոյով ու երբեք պիտի չշուարիք ընտրելու համար ինչ որ կը յարմարի ձեր ճաշակին:
Ահաւասիկ քանի մը նմոյշներ պատկերացնելու համար նորաձեւութեան վիճակը մեր աչքերուն առջեւ (վերի պատկերները):
Անպայման …Հագուեցէք այն, ինչ որ ձեզի կը վայելէ ու դուք անով հանգիստ կը զգաք: Այդ ձեւով ամէնէն «մոտայիկ»ը կը դառնաք անկասկած:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Ինչպէս տարբեր գոյների ու հասակների, այնպէս էլ լեզուների տարբերութիւնը գեղեցկութիւն է պատճառում:
Վարդան Արեւելցի
Իմաստութիւնը ճշմարտութեան մայրն է եւ կեղծիքի ու սուտի արտամղիչը:
Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի
Պատժելը հեշտ է, դաստիարակելը՝ դժուար:
Ժողովրդական
Աղուէսը իր պոչը վկայ կը բերէ:
Ժողովրդական
Աչքերը իրենք իրենց կը հաւատան, ականչները՝ ուրիշներուն:
Ժողովրդական
Գիտունին եղիր գերի, անգէտին ոչ սիրելի:
Ժողովրդական
Արեւը կը կարմրի երեկոյեան ամբողջ օրը իր տեսածէն:
Ժողովրդական
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Փուռին Մէջ Սփակեթի
4 անձի համար
Բաղադրեալները
8 օզ. եփուած ցորենի սփակեթի
2 տուփ (իւրաքանչիւրը՝ 14 օզ.) ջարդուած լոլիկ
1 հատ շերտուած խոշոր սոխ
1 թ. դգալ օրեկանօ
1/2 գաւաթ cheddar պանիր
2 ա. դգալ մանրուած parmesan պանիր
աղ եւ սեւ պղպեղ՝ ըստ փափաքի
Պատրաստութեան կերպը
Փուռի խորունկ ափսէ մը իւղեցէք եւ ապա մէջը զետեղեցէք սփակեթին:
Լոլիկները դրէք սփակեթիին վրան, ապա աւելցուցէք սոխը, ցանեցէք օրեկանոն ապա ձեր փափաքին համաձայն՝ աղն ու պղպեղը:
Cheddar պանիրը շերտեցէք եւ շարեցէք վերոյիշեալ խառնուրդին երեսը: Վրան ցանեցէք parmesan պանիրը:
Փուռին մէջ եփեցէք, 350 F, 25-35 վայրկեան, կամ մինչեւ երեսը կարմրիլը:
Այս ճաշատեսակին հետ կարելի է հրամցնել նաեւ սխտորով հաց (garlic bread) եւ գաւաթ մը գինի:
Բարի ախորժակ: