ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին զայրոյթով արտայայտուեցաւ մէկ օր առաջ ամերիկացի ղեկավարներու կատարած այն յայտարարութիւններուն նկատմամբ, թէ Իրաքի իշխանութիւնները խոստացած են բռնարարքները զսպել 12-18 ամիսէն, պնդելով, թէ նման պայմանաժամեր չեն կրնար պարտադրուիլ Իրաքի իշխանութեանց վրայ եւ միայն Պաղտատի կառավարութիւնը իրաւունք ունի նման որոշումներ տալու:
Ան նաեւ խստօրէն քննադատեց Չորեքշաբթի օր Պաղտատի Սատր շրջանին մէջ ամերիկացի զինուորներու մէկ ինքնագլուխ գործողութիւնը, որու հետեւանքով չորս շիիներ սպաննուեցան:
Այս յարձակումին դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Պաղտատի ու Նաճաֆի մէջ, որ շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատրի կեդրոնը կը նկատուի: Սատրի զինեալ խմբաւորումները ապազինելու մասին եւս Իրաքի մէջ ամերիկացի գլխաւոր երկու ղեկավարներուն տուած մամլոյ ասուլիսի նիւթերէն մէկն էր:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Չորեքշաբթի օր փորձեց մեղմացնել լարուածութիւնը եւ շեշտեց, թէ Մալիքիի կառավարութեան վրայ պիտի դրուի այնքան ճնշում, որքան կրնայ դիմագրաւել: