ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայաստանի դպրոցներու փոխկապակցում» ծրագիրի (ՀԴՓԾ) շրջանակներով, 330 դպրոցներու մէջ հիմնադրուած են համացանցային-համակարգչային կեդրոններ: Ծրագիրը 2000էն ի վեր կ’իրականացնէ «Project Harmony»ի հայաստանեան գրասենեակը՝ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան կրթական եւ մշակութային կապերու գրասենեակի ֆինանսաւորումով, որ վեց տարիներու ընթացքին կազմած է 12.5 միլիոն տոլար:
Այս մասին Նոյեմբեր 21ին «Բացայայտելով տեղեկատուական հաղորդակցման արհեստագիտութիւնները այսօր՝ յանուն վաղուայ» խորագիրով ՀԴՓԾի ցանցային 3րդ համաժողովին յայտնեց ծրագիրի ղեկավար Սիրանուշ Վարդանեան եւ նշեց, որ 330 դպրոցներէն 70ը կը գործեն մայրաքաղաքին մէջ, իսկ մնացեալը՝ մարզերուն: Անոնցմէ 100ը սահմանամերձ եւ գիւղական վայրերուն մէջ են:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի խօսքերով, յառաջիկայ մէկ-երկու տարիներուն ընթացքին Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն մէջ պիտի հիմնուին այսպիսի կեդրոններ, եւ ՀԴՓԾ ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ վերացնելու մայրաքաղաքի եւ շրջաններու դպրոցներուն միջեւ տարբերութիւնը: