Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէի, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերի երեկոյան ժամը 8ին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ.
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, ՀՀ ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, օրուան պատգամախօս Արմէն Ռուստամեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի անդամ Գրիգոր Աչըգեան, ուղեկից մարմիններու ներկայացուցիչներ ու համակիրներու հոծ բազմութիւն մը:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենոյշներու սրահ մուտքով ու ամերիկեան, հայկական ու Հ.Յ.Դաշնակցութեան քայլերգներով, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նայիրի Սարգիսի:
Բացման խօսքը կատարեց եւ երեկոյթը ձեռնհասօրէն վարեց, Հ.Ե.Դաշնակցութեան անդամներէն Լենա Սենեքերիմեան: Ան բարի գալուստի խօսքերէն ետք շարունակեց ըսելով. «Այս երեկոյ, հաւաքուած ենք հոս, մեր տան մէջ, հաւաքաբար տօնելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան 116 տարիներու գործունէութիւնը: Մտածեցէք մեր անցեալին մասին. 1890 թուականը, հայոց պատմութեան ամենամութ ժամանակներէն մէկը եղած է, ոչ անկախ հայրենիք ունէինք, ոչ ալ մարդկային իրաւունքներ, բայց ունէինք մեր ինքնութիւնը եւ արժանապատուութիւնը: Այդ օրերուն լոյս մը բացուեցաւ մեր ժողովուրդին համար, այդ լոյսը, սիրելիներ, եղաւ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ: Յովհաննէս Շիրազ գրած է, «Բոլոր ազգերը թող հասնին լոյսին, միայն թէ հայը հասնի Մասիսին»: Մեր հայրենիքը ազատ ու անկախ է այժմ, սակայն մեր գործն է հիմա իբրեւ մէկ ազգ, ձեռք ձեռքի տուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան հետ, հասնիլ Մասիսին, որպէսզի ան վերադառնայ Հայաստան աշխարհ»:
Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» կոմիտէին խօսքը ըսաւ Զարեհ Սամուրգաշեան: Ան կոմիտէին կողմէ ողջունելէ ետք ներկաները շարունակեց ըսելով. «Կը յիշեմ, երբ փոքր տղայ էի, հայրս ամէն Չորեքշաբթի կուսակցական ժողովի կ’երթար, կը լսէի հօրմէս, թէ ինք եւ թէ իր ընկերները ձգտում մը ունէին իրականացած տեսնել իրենց երազը, որն էր տեսնել Ազատ ու Անկախ Միացեալ Հայաստանը. այսօր Հայաստանը ազատ երկիր է, սակայն մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը, մինչեւ որ տեսնենք հօրս սերունդին երազած Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը»:
Ան շարունակեց ըսելով, որ «երբ Ամերիկա եկայ 30 տարի առաջ, տեսայ, որ հոս աշխատանքին դաշտը ընդլայնուած է, նոր բառ մը տեղ գտած էր մեր ամէնօրեայ գործունէութեան դաշտին մէջ, ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ: Մենք այսօր կ’աշխատինք Հայ Դատի աշխատանքներու կողքին նաեւ հայապահպանման սպառնացող վտանգին դէմ. մենք կը գործենք միասնաբար քոյր կամակերպութիւններու ու համակիրներու հետ, որովհետեւ կը հաւատանք հաւաքական աշխատանքին»:
Սամուրգաշեան շեշտը դնելով նաեւ ամերիկեան քաղաքական կեանքին մեր մասնակցութեան վրայ ըսաւ. «Մենք կը գործենք նաեւ ամերիկեան քաղաքական ծիրէն ներս, տասնամեակներու ընթացքին մեր մշակած քաղաքական կապերը այսօր կու տան իրենց պտուղները, ինչպէս կը տեսնենք, Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ ունինք գնահատելի թիւով քոնկրէսականներ ու ծերակուտականներ, որոնք կը զօրակցին մեզի. այս առիթով կոչ կ’ուղղենք համայն ամերիկահայութեան, որ իր առաւելագոյն չափով մասնակցութիւն բերէ ամերիկեան քաղաքական կեանքին՝ ի սէր մեր սրբազան դատի ճանաչման»:
Բեմը տրուեցաւ օրուան բանախօս Արմէն Ռուստամեանին: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ կացութեան մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութեան, թէ՛ խորհրդարանէն, թէ՛ կառավարութենէն ներս եւ թէ ժողովրդային մակարդակի վրայ: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց այս աշխատանքները եւ անդրադառնալով Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցին, միաժամանակ շեշտեց զանոնք ազատ, թափանցիկ ու արդարօրէն կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը սկզբունքային կուսակցութիւն է եւ հաստատ պիտի մնայ անոնց վրայ, որովհետեւ կը վստահի ժողովուրդին ու իր աւիշը կը ստանայ նոյն այդ ժողովուրդէն:
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Օքլընտի երիտասարդաց քառեակ» նուագախումբը, կազմուած չորս ոչ հայ երիտասարդներէ, որոնք հրամցուցին 3 հայկական եղանակներ ամենայն հարազատութեամբ: Նուագախումբը արժանացաւ երկարատեւ եւ բուռն ծափահարութիւններու:
Երեկոյթի վերջաւորութեան, օրուան բանախօս Արմէն Ռուստամեան կտրեց 116ամեակի կարկանդակը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան զրուցելու յարգելի բանախօսին հետ, գոհացնելու իրենց հետաքրքրութիւնները հայրենական զանազան հարցերու շուրջ: