ՍՈՉԻ, «Արմէնփրէս».- «Ներկայ դրութեամբ մեզ համար չկայ ոչ մի չլուծուած խնդիր», այսպիսի կարծիք յայտնեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ, Յունուար 24ին Սոչիի իր նստավայրին մէջ հանդիպելով Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին հետ:
Ըստ նախագահ Փութինի, երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ չկայ բարդ, սուր հարց մը, որ առնուազն չգտնուի քննարկման փուլին մէջ, կամ չունենայ իր լուծումը: Փութինի գնահատումով, լուծում տրուած են ուժանիւթի բնագաւառի խնդիրներուն, իսկ այժմ աշխուժօրէն աշխատանք կը տարուի փոխադրութեան, արդիւնաբերութեան, ապրանքաշրջանառութեան եւ այլ բնագաւառներու հարցերու լուծման առնչութեամբ:
Ռուսիոյ նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ նախագահ Քոչարեանի այս այցը կը նպաստէ երկկողմանի կապերու զարգացումին եւ լաւ խթան կը հանդիսանայ հետագայ յառաջխաղացքի համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ խօսքերու համար՝ նախագահ Քոչարեան գոհունակութիւն յայտնեց երկկողմանի յարաբերութիւններու վիճակը մէկ անգամ եւս քննելու հնարաւորութեան համար:
Հայաստանի նախագահի գնահատումով, անցեալ տարին շատ արդիւնաւէտ էր երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման առումով: Տնտեսութեան ոլորտին մէջ գործադրուած են շարք մը լուրջ ծրագիրներ, բանակցութիւններ կատարուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային նախագիծերու շուրջ: Քոչարեան յոյս յայտնեց, որ ընթացիկ տարին կը դառնայ այդ նախագիծերու գործնականացման շրջան:
Այս առումով, Քոչարեան շատ լաւ գնահատեց առկայ տեղաշարժը: Ան յատկանշական համարեց, որ իւրաքանչիւր նոր նախագիծ կը ծնի նոր գաղափարներ, ծրագիրներ, նոր հնարաւորութիւններ անոնց իրականացման համար: