ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 26ին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի լաւագոյն 19 աշակերտներուն եւ ուսանողներուն յանձնուեցան նախագահի ամէնամեայ կրթական պարգեւները: Առաջին անգամ նման պարգեւներ յանձնուած են 2005ին, երբ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւնը եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստորագրեցին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի լաւագոյն ուսանողներուն եւ աշակերտներուն նախագահի ամէնամեայ կրթական պարգեւներու շնորհման մասին պայմանագիր: Այնուհետեւ, նախագահի յանձնարարականով կազմուեցաւ յատուկ յանձնաժողով:
«Սինոփսիս Արմենիա»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ռիչ Կոլթմանի խօսքերով, 2004ին Հայաստան մուտք գործած «Սինոփսիս» ընկերութիւնը կարեւորելով բարձր արհեստագիտութիւններու գերակայութիւնը Հայաստանի մէջ՝ կը գիտակցի, որ Հայաստանի մէջ առկայ մեծ ներուժը ժողովուրդի մտաւոր կարողութիւններն են եւ «Սինոփսիսը» կը փորձէ իր ներդրումը ունենալ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի եւ տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ: Իսկ տնտեսութեան հետագայ զարգացման մէջ ներդրում կարելի է կատարել՝ խրախուսելով երիտասարդներուն:
Մրցանակները յանձնեց նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արմէն Գէորգեան: Ան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը ապագային յենուած պիտի ըլլայ գիտութեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններուն վրայ եւ այս ոլորտը կառավարութեան կողմէ հռչակուած է ազգային տնտեսութեան զարգացման գերակայ ճիւղ եւ կը գտնուի նախագահի անմիջական հովանիի ներքոյ:
Նշենք նաեւ, որ այս տարի ընդլայնուած է պարգեւատրուող բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու եւ դպրոցներու թիւը. պարգեւատրուեցան Հայաստանի պետական ճարտարագիտական, Երեւանի պետական եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարաններու 13 ուսանողներ, ինչպէս նաեւ ՀՊՃՀի Երեւանի յենակէտային վարժարանի, Ա. Շահինեանի անուան յատուկ դպրոցի, «Քուանթ» վարժարանի, «Անանիա Շիրակացի» ճեմարանի եւ Գիւմրիի «Ֆոտոն» վարժարանի վեց աշակերտներ: