Ս. Փեթերսպուրկի Քալինինի շրջանին մէջ սպաննուած է Պելկորոտի շրջանի բնակիչ, ազգութեամբ հայ, 46ամեայ Հենրիկ Վարդապետեանը:
Ան Ս. Փեթերսպուրկ ապրած է մօտ 4 տարի, նախնական տուեալներով, կը զբաղէր շինարարութեամբ: Ան խանութէն վերադառնալու ընթացքին սպաննուած է:
Երկու յարձակողները, վկաներու համաձայն, զինք սպասեր են բաւական երկար: Մօտենալով զոհին Օլկա Ֆորշի փողոցի 15րդ շէնքի մօտ՝ մարդասպանները կրակած են երեք անգամ: Ինչպէս պարզած է հետաքննութիւնը, սպաննուածը Ռուսիոյ քաղաքացի էր:
Սպաննուածի դին յայտնաբերուած է քանի մը օր առաջ՝ մօտ 17:50ին: Ոստիկանութեան տուեալներով՝ յանցագործութեան վայրէն երկու շէնք հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերուած է TT տեսակի ատրճանակ:
Քրէական գործ յարուցուած է ՌԴի քրէական օրէնքի 105րդ յօդուածի համաձայն (սպանութիւն):