ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Պաղտատի ապահովական կացութիւնը բարելաւելու նպատակով ամերիկեան բանակին եւ Իրաքի ապահովական ուժերուն միացեալ գործողութիւններէն մէկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Յունուար 24ին, խիստ հսկողութեան տակ գտնուող Պաղտատի «Կանաչ գօտի»ին մօտերը, որու ընթացքին սպաննուեցան առնուազն 30 իրաքցի կասկածելիներ եւ ձերբակալուեցան 35 ուրիշներ:
Նաեւ, Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը յայտնեցին, որ Իրաքի ապահովական ուժերը ձերբակալած են շիիներու «Մեհտի» բանակէն շուրջ 600 զինեալ եւ 16 ղեկավար:
Ամերիկեան ուժերու յայտարարութիւնը կը նշէ, որ 45 օրուան մէջ շիի կրօնաւոր սէյիտ Մոքթատա Սատրի ղեկավարած ուժին դէմ 52 ապահովական գործողութիւններ տեղի ունեցած են: Ամերիկեան ուժերը նաեւ յայտնեցին, որ ձերբակալութեանց արշաւը ներառած է սիւննի ծայրայեղականներ:
Ամերիկեան եւ իրաքեան ուժերը կը պատրաստուին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ զինեալ խմբաւորումներու դէմ յարձակումի մը:
Միւս կողմէ, Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը յայտնեցին, որ «Մեհտի»ի բանակի ղեկավարներէն հինգը ձերբակալուած են բանակին միջնաբերդը նկատուող Պաղտատի Սատր շրջանին մէջ: Յարձակումին ընթացքին սպաննուած է նաեւ աւագ ղեկավար մը: Յայտարարութիւնը կ՚աւելցնէ, թէ Պաղտատի մէջ ձերբակալուած են 33 սիւննի ծայրայեղական բջիջներու ղեկավարներ:
Ըստ ենթադրութեանց՝ «Մեհտի» բանակը ունի վաթսուն հազար զինեալներ իր հակակշռին տակ: