ՀՌՈՄ.- Իտալական «Ռեփուպլիքա» թերթի կողմէ հրատարակուեցաւ Թուրքիոյ կրօնական կացութեան մասին տեղեկագիր մը, որ դիտել կու տայ, թէ Թուրքիոյ մէջ իսկական իմաստով աշխարհիկ կարգավիճակ չկայ, ու երկրի քրիստոնեաները ենթակայ են խտրականութեան քաղաքականութեան։
Վատիկանի պաշտօնական պատմագիր Ճիովաննի Սալէի կողմէ գրի առնուած տեղեկագրին մէջ կը պնդուի, թէ Թուրքիա ինքզինք կը նկատէ աշխարհիկ երկիր, բայց գործնականին մէջ այդպէս չէ։
Թուրքիոյ մէջ Կրօնից տեսչութեան նման մարմնի մը գոյութիւնը ինքնին փաստ է, որ աշխարհիկ երկիր մը չէ։ Այսօր 100 հազար իմամներ իրենց ամսաթոշակը ուղղակի պետութենէն կը ստանան ու 75 հազար մզկիթներ կապուած են Կրօնից տեսչութեան, որ պետական մարմին մըն է։
Գալով Թուրքիոյ մէջ բնակող կաթոլիկներուն, տեղեկագիրը դիտել կու տայ, որ ասոնք իրաւական գետնի վրայ իրենք զիրենք խտրականութեան ենթարկուած կը նկատեն։ Անոնք յաճախ սպառնալիքներ կը ստանան մոլեռանդ շրջանակներէն։ Թուրքիա եթէ կ՚ուզէ անդամակցիլ Եւրոմիութեան, պէտք է լուրջ ապահովութիւններ տայ միջազգային հանրութեան, կ՚ըսուի տեղեկագրին մէջ։