«Մի ազգ, եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել, պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»:
ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ
Անզուգական հայդուկապետի՝ Նիկոլ Դումանի անուան տուն-թանգարանի (երկրորդ բաժին), մշակոյթի տան եւ դպրոցի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 26 Սեպտեմբեր 2006ին, հայդուկի ծննդավայրի՝ Ծաղկաշատ (Ղշլաղ) գիւղին մէջ, Արցախ: Ծաղկաշատ Ասկերանի շրջանին մէջ, Ստեփանակերտէն 22 քիլոմեթր հիւսիս, Գանձասարի ճամբուն, շուրջ 200 բնակիչներով, գեղեցիկ գիւղ մըն է:
Երբ բարերարները եւ հիւրերը Նիկոլ Դումանի պապենական տան առջեւ ժամանեցին, անոնք դիմաւորուեցան ծաղկեփունջերով, աղով ու հացով, զուռնայով եւ թմբուկով եւ ղարաբաղեան տարազներ հագած պարմանուհիներու պարերով: Հոն փութացած էին հասնիլ բարերարները՝ քոյր եւ եղբայր Կարէն Բենիասեանս եւ Ժասիկ Չառահեանը եւ Լոս Անճելըսի Հայ կրթական հիմնարկութեան ներկայացուցիչներ՝ Նշան եւ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանները: Հոն ներկայ էին նաեւ Ասկերանի տէր Ստեփանոս քահանան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Ծաղկաշատի գիւղապետը, Ասկերանի տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, «Ազգային ժառանգութիւն» հիմնադրամի գրասենեակի անդամները, Ծաղկաշատի եւ Ռաֆ գիւղի ամբողջ բնակչութիւնը եւ բարերարներուն բազմաթիւ ընկեր-ընկերուհիները:
Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանէն շուրջ 100 ոտք աջ գտնուող մշակութային կեդրոնի բացումը կատարուեցաւ տէր հօր աղօթքով, որ նաեւ մուտքի դուռը օրհնեց եւ հրաւիրեց բարերար Կարէն Բենիասեանսը մշակոյթի շէնքի բացումը կատարելու, կարմիր ժապաւէնը կտրելով:
Հանդիսականները, երբ աստիճանէն վեր կը բարձրանան, կը մտնեն 250 հոգի ընդունող կոկիկ սրահ մը, որ օժտուած է գեղեցիկ եւ արդիական վարագոյրով, փայտեայ տախտակամածով, լայն բեմով, որուն ճակատի պաստառին վրայ գծագրուած է հայկական եկեղեցի, Արարատեան արեւածագը եւ հետեւեալ գրութիւնը՝ «Ազատութիւնը խանչալի ծայրին է», որ Նիկոլ Դումանի կեանքի փիլիսոփայութիւնն էր…:
Շնորհալի հայուհի մը բեմ բարձրանալով բարի գալուստ կը մաղթէ ներկաներուն եւ կ’աւելցնէ, թէ այս մշակոյթի տունը աւերակ էր, անճանաչելի, շնորհիւ բարերար Կարէն Բենիասեանսին, վերածուեցաւ 250 հոգինոց արդիական սրահի մը, ուր ելոյթներ պիտի ունենան Ծաղկաշատի թատերախումբը, երգչախումբը, պարախումբը եւ այլ դասախօսներ: Ահա սրահ մը, որ երիտասարդութեան համախմբումի իտէալ վայր մըն է: Երանի իւրաքանչիւր գիւղ մեր անմահ հայդուկներու յիշատակին, նման կեդրոնատեղիներով օժտուի:
Կարէն Բենիասեանսը բեմ հրաւիրուելով, շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ծաղկաշատի բնակիչներուն, որոնք ոգի ի բռին աշխատեցան եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կիսափուլ շէնքը այս գեղեցիկ վիճակին հասցուցին: Իսկ Ժասիկ Չառահեան կ’ըսէ. «Միթէ արդա՞ր էր, որ Նիկոլ Դումանի պէս քաջ եւ անվեհեր հայդուկապետի մը տունը, մշակոյթի շէնքը եւ դպրոցը աւերակներու մէջ ձգէինք: Մենք կաթիլ-կաթիլ օգնութիւն հասցուցինք, իսկ «Ազգային ժառանգութիւն» հիմնադրամի պատասխանատուները, գիւղապետը եւ դուք տքնաջան աշխատելով գիւղը այս նախանձելի վիճակին հասցուցիք: Ես այսօր երջանիկ եմ, ձեր դէմքերուն ուրախ ժպիտները տեսնելով»:
Ասկէ ետք, գիւղապետը Ժասիկ Չառահեանին Արցախի Ծաղկաշատ գիւղի «Պատուոյ անդամ»ի վկայականը կը փոխանցէ: Ժասիկը, բոլորովին անակնկալի եկած, խոր յուզումով եւ անսահման երջանկութեամբ լեցուած է, որ ինք արժանի նկատուած է այս իրաւունքին:
«Խոնարհւում եմ ձեր առջեւ: Աստուծոյ կամքով եւ եղբօրս օգնութեամբ, խօսք եմ տալիս, որ այս գիւղը օրէ օր աւելի պիտի բարգաւաճի, տուն կանչելով հեռացած բոլոր բնակիչները: Որովհետեւ, առանց գիւղի հայրենիքը չի յարատեւեր», ըսելով բեմէն վար կ’իջնէ:
Փունջ մը անուշիկ աղջիկներ եւ մանչուկներ կ’արտասանեն բանաստեղծութիւններ եւ զիլ ձայնով կ’երգեն: Երբ «Գետաշէն» երգը կը սկսին երգել, բոլոր հանդիսականները արցունքոտ աչքերով իրենց կը ձայնակցին:
***
Վերադառնալով Նիկոլ Դումանի հօրենական տան առջեւ, կողքի պատին մարմար քարի վրայ փորագրուած է, «Ազգային ժառանգութեան» հիմնադրամ Նիկոլ Դումանի Տուն-թանգարան, Nigol Duman’s Memorial Museum, National Heritage Foundation.
Ահա, կը սկսի Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանի երկրորդ բաժնի բացումը, որուն առաջին բաժնի բացումը կատարուած էր Մայիս 2004ին, Բենիասեանս ընտանիքի նուիրատուութեամբ: Ասկերանի քահանան Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը կ’օրհնէ, ապա կը հրաւիրէ բարերարները՝ դարձեալ եղբայր ու քոյր Կարէն Բենիասեանսը եւ Ժասիկ Չառահեանը, որ կտրեն կարմիր ժապաւէնը:
Բարերարները նորաբաց շէնքի այս բաժնի վերանորոգման եւ շինարարական բոլոր ծախսերը հոգացած են, իրենց հօր անմար յիշատակին:
Այս երկյարկանի տան առաջին բաժինը Նիկոլ Դումանի պապենական տունն էր՝ գիւղի երիցատունը, որ ներկայիս, բարերարներուն շնորհիւ թանգարանի վերածուած է: Վարի յարկը կան փայտէ կրակարան, վրան պղինձէ կաթսայ, պատին վրայ ղարաբաղեան գորգեր, մաղեր, խնոցի, փքոց, կաւէ կուժեր, կշիռք, խոշոր-երկար դեղին դդումներ, պատերէն կախուած կարմիր նուռերու կանաչ ոստեր եւ այլ միրգեր:
Հին բաժնի սենեակներէն մէկը Նիկոլ Դումանի հօր ու մօր սենեակն է, որուն պատէն կախուած են իրենց նկարները: Հոն կան երկաթէ մահճակալը, ղարաբաղեան գորգեր, օրօրոց, ձեռագործներ, պահարանին մէջ տէր հօր շուրջառը կախուած, պղինձէ խնկաման, ժամացոյց եւ ազգականներու նկարներ:
Նիկոլ Դումանի սենեակին մէջ կան հայդուկապետին մարտական խումբերու նկարները, դրօշակները, սուրերը, հրացանները, փամփուշտները, ատրճանակը, տարազները, կարդացած գիրքերը. ինչպէս Լէոյի «Հայոց պատմութիւն» հատորները եւ այլ անձնական իրեր: Վերանորոգման ճարտարապետը բնաւ ճիգ չէ խնայած հարիւր եւ աւելի տարի առաջուան տունը ճիշդ եղածին պէս վերստեղծելու:
Վարի յարկի նոր բաժնին մէկ սենեակը յատկացուած է յուշանուէրներու, ուր կը ծախուին հայկական պահածոներ, նաշխուած կուժիկներ, ձեռագործներ, նուռի ձեւով պզտիկ ամաններ, տիկնիկներ՝ հայկական տարազներով, Նիկոլ Դումանի վերաբերեալ գրքեր, նկարներ եւ խտասալիկներ:
Երկրորդ յարկը չորս ընդարձակ սենեակներ կան եւ անոնց առջեւը տախտակէ լայն եւ երկայն պատշգամ: Քարէ աստիճանները երիզող երկաթները եւ պատշգամի փայտերը այնքան նուրբ են, որ կարծես ասեղնագործուած են:
***
Տպաւորիչ այս արարողութենէն ետք, հիւրերը հողէ ճամբով, ուղղուեցան դէպի Նիկոլ Դումանի գիւղի միակ վարժարանը, որ երկար ժամանակ փլատակ վիճակի մէջ մնալէ ետք, վերանորոգուած էր Լոս Անճելըսի Հայ կրթական հիմնարկութեան նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ:
Տէր հայրը կ’օրհնէ շէնքը եւ Աստուծմէ կը խնդրէ, որ զայն ամէն տեսակի չարիքներէն ու փորձանքներէն զերծ պահէ եւ այս կրթական հաստատութեան սաներն ալ աներեւոյթ եւ տեսանելի թշնամիներէն հեռու պահէ: Հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Նշան Փիրումեան կարմիր ժապաւէնը կը կտրէ: Հիւրերը մաքուր, կոկիկ, նոր գրասեղաններով, քարտէսներով եւ այլ յարմարութիւններով օժտուած դասարանները կը մտնեն եւ հոգեպէս կը հրճուին:
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, քանի մը տարիներու ընթացքին, 150 վարժարաններ նորոգեց Հայաստանի, Արցախի եւ Չաւախքի մէջ: Նշան Փիրումեան՝ պատասխանատու վերանորոգումներու, կ’ըսէ. «Այս վարժարանին շէնքին վիճակը ահաւոր էր, բայց դուք, Ծաղկաշատի բնակիչներ, ձեր բաժինը բերիք եւ այս գործը յաջողցուցիք: Թող Նիկոլ Դումանի գիւղը, յառաջիկայ տարիներուն, այսպէս ծաղկի ու բարգաւաճի»:
Դպրոցի պատերէն մէկուն վրայ մէկ առ մէկ շարուած են Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու նկարները: Նկարներուն վրայ մեծ տառերով գրուած է. «Մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է»:
Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան ըսաւ. «Այս վերանորոգուած կրթական հաստատութեան պաշտօնական բացման առիթով, մեր բոլորին սրտերը հպարտութեամբ եւ հաճոյքով լեցուած են: Կը մաղթեմ որ այս արդի, մաքուր եւ կոկիկ դասարանները գրաւեն, իրենց քաշեն երեխաները, որպէսզի անոնք կառչած մնան հողին եւ շատ սուղ գինով ձեռք բերուած անկախութիւնը պահեն ու պահպանեն, որպէսզի բարգաւաճին Հայաստանն ու Արցախը»:
Յատկանշական այս երեք բացման արարողութիւններէն ետք, Ծաղկաշատի եւ Ռաֆ գիւղերու բոլոր բնակիչներն ու ներկայ հիւրերը հիւրասիրուեցան բարերար Կարէն Բենիասեանսի կողմէ: Հակառակ անձրեւային օդին, երկար ժամեր ժողովրդական «Վերնատուն» քառեակը, հայկական ծանօթ երգերով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Այս մթնոլորտէն խանդավառուած եւ մանաւանդ պատասխանատու անհատներու աշխատանքը բարձր գնահատելով, Կարէն Բենիասեանս կը խոստանայ վերանորոգել Խանասորի արշաւանքի հրամանատար Վարդանի տուն-թանգարանը եւս:
***
Ահաւասիկ ազգաշինութեան փաստացի եւ կենդանի երեք օրինակներ՝ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանի երկրորդ բաժին, մշակոյթի սրահ եւ դպրոց: Բայց ո՞վ է Նիկոլ Դուման, որ իր մահէն 92 տարի վերջ, տակաւին մեզի խորհիլ կու տայ, կը ներշնչէ եւ գործի կը մղէ:
Նիկոլ Դուման, բուն անունով Նիկողայոս Տէր Յովհաննէսեան, ծնած է 1867ին, Ղարաբաղի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի իր քահանայ հօր տան մէջ: Ան իր ուսումը սկսած է Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ: Ուսուցչական պաշտօն վարած է Թաւրիզի եւ Սալմաստի հայկական վարժարաններուն մէջ:
Նիկոլ բնական խելքով եւ զինուորական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած ֆետայի մըն էր: Ուրմիոյ լճի հիւսիսը, Սալմաստի լքուած Դերեկայ վանքին մէջ, դաշնակցական այլ ընկերներուն հետ, մարտական խումբեր կը մարզէր եւ երկիր կը ղրկէր: Ան նաեւ սպառնագիրներ եւ մահավճիռներ կ’արձակէր հայատեաց պաշտօնեաներուն դէմ: Յաճախ իր մարզած խումբերը թշնամիին վրայ կը նախայարձակէին, ստիպելով անոնց որ հաշտութեան դիմեն:
1894ին, Հոկտեմբեր ամսուն, երբ Նիկոլ մարտիկներու խումբ մը Վասպուրական կը փոխադրէր, ձիւն ու բուքի մէջ այնպիսի սխրագործութիւններ կը կատարէ, որ քիւրտերը ապշահար կ’ըլլան եւ «Դուման» անունը իրեն կու տան, այսինքն մրրիկ, փոթորիկ:
Մարթին Շաթիրեան կը վկայէ. «Դումանը բնաւորութեամբ պարզ էր, մատչելի եւ ուղղամիտ: Գործի ժամանակ նա դաժանօրէն խստապահանջ էր եւ յամառութեամբ գործը վերջաւորութեան հասցնող: Իր տղաները որքան սիրում էին նրան սովորական ժամանակ, այնքան վախենում էին գործի միջոցին: Նրա հերոսութիւնը զուրկ էր արտաքին փայլից: Նրա ամենաբնորոշ էութիւնը՝ բնական խելքն եւ անյողդողդ կամքն էր. այդ տեսակէտից հազուագիւտ էր նա մեր մէջ»:
1897ին, Նիկոլ Դուման, վրէժ լուծելու համար քիւրտ աշիրէթներէն, որոնք 1896ին Վասպուրականի երիտասարդները ջարդած էին, Խանասորի արշաւանքը մտայղացաւ եւ գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը հանդիսացաւ: Կոտորածէն ետք, քիւրտերը սկսան աւելի զգոյշ դառնալ, իսկ հայ ազատագրական շարժումը նոր թափ ստացաւ:
1905ին, ցարական կառավարութեան դրդումով եւ մեղսակցութեամբ, հայ-թաթարական կռիւները Պաքուի, Նախիջեւանի, Երեւանի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի, Գանձակի եւ Թիֆլիսի մէջ նպատակ կը հետապնդեն արեւելահայերը բնաջնջել: Ինքնապաշտպանութեան հսկայ գործը Նիկոլ Դումանի յանձնուեցաւ: Ուր որ վտանգ կը սպառնար հայ ազգաբնակչութեան, Դուման հոն էր եւ ամէնէն վտանգաւոր գործերը ինք անձամբ կը կատարէր: Դուման իւրաքանչիւր գիւղի կամ շրջանի մէջ ինքնապաշտպանութեան խումբերը կազմակերպեց, իսկ խմբապետները՝ փորձառու ֆետայիներ, Երկրէն բերել տուաւ, այսպիսով առաջքը առաւ արեւելահայութեան Մեծ Եղեռնին…: Դուման նաեւ 1905էն ալ առաջ, նախատեսեց արեւմտահայութեան Մեծ Եղեռնը եւ յորդորեց ինքնապաշտպանութեան գործը ամուր հիմքերու վրայ դնել, բայց, աւա՜ղ:
1911ին, Նիկոլ Դուման, Եփրեմ Խանի խնդրանքով, որ Պարսկաստանի սահմանադրական կառավարութեան ոստիկանապետն էր, Ատրպատականի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը ստանձնեց եւ բնակչութիւնը մեծ աղէտէ մը փրկեց:
Ասկէ ետք հայդուկապետը ցարական կառավարութենէն հալածուելով, երկրէ-երկիր եւ բանտէ-բանտ թափառեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ, մինչեւ որ առողջութիւնը լման քայքայուեցաւ: Ան յօդացաւէ եւ թոքախտէ կը տառապէր: Ի վերջոյ, 23 Սեպտեմբեր 1914ին, Պաքուի մօտերը, Կիսլավոտսկի հանքային ջուրերու բուժարանին մէջ հոգին աւանդեց եւ թաղուեցաւ Թիֆլիսի Խոջավանքի գերեզմանատան մէջ, Սիմոն Զաւարեանի գերեզմանին կողքին:
Թաղման օրը՝ 28 Սեպտեմբեր 1914ին, Թիֆլիսի «Հորիզոն» օրաթերթին մէջ, Իշխան Յովսէփ Արղութեան կը գրէ. «… Խղճի ու քաջութեան ներդաշնակութիւնը դարձաւ յենարան Զաւարեանի ու Դումանի գաղափարական գործակցութեան: Նրանց գործունէութեան միջոցները տարբեր էին, բայց նպատակը՝ մէկ: Զաւարեան վտարանդի ցուպը ձեռքին, քարոզում էր գաղափարը իր հոգու ամբողջ թափով, մտաւոր ու գիտական պաշարով, իսկ Դումանը բռնութեան կապանքները ջախջախում էր զէնքով ու կրակով եւ հարթում ճանապարհը խղճի ու ազատագրութեան յաւիտենական յաղթանակի… Ննջի՛ր հանգիստ, անզուգական մարտիկ, որ այդքան վեհութեամբ եւ արիութեամբ կատարեցիր քո պարտքը»:
Նիկոլ Դուման, որ միայն 47 տարի ապրեցաւ, իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրեց հայ ազգին: Ընտանիք կազմելու նոյնիսկ ժամանակ չունեցաւ:
Յուսանք եւ մաղթենք, որ Արցախի Ծաղկաշատ գիւղը՝ Նիկոլ Դումանի ծննդավայրը՝ ուխտատեղի մը ըլլայ համայն հայութեան համար:
18 Նոյեմբեր 2006