ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 25ին, փոխըմբռման յուշագիր ստորագրուեցաւ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ) եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջեւ: Ըստ նշեալ յուշագիրի, կողմերը սերտօրէն պիտի գործակցին Հայաստանի գիւղական բնակավայրերուն մէջ չքաւորութեան յաղթահարման ուղղուած ծրագիրներու շրջանակներով:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ ՄԱԶԾի մշտական ներկայացուցիչ Քոնսուելօ Վիտալ եւ նշեց, որ գիւղական չքաւորութեան վերացումը Հայաստանի կառավարութեան եւ ՄԱԿի մտահոգութեան առարկան է: Ան յայտնեց նաեւ, որ ՄԱԶԾը մշակած է սահմանամերձ 20 գիւղերու զարգացման ծրագիրներ եւ այժմ աշխատանքներ կ’ընթանան այդ ծրագիրներուն համար ֆինանսական աջակցութիւն ապահովելու ուղղութեամբ. «Համոզուած ենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ ողջ Սփիւռքի հետ մեր ջանքերի միաւորման շնորհիւ ի վիճակի կը լինենք հասնել մեծ արդիւնքների», ըսաւ Վիտալ:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Նայիրա Մելքումեան նշեց, որ գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիրները, որոնց կը մասնակցին նաեւ տեղական իշխանութիւնները, լրջօրէն կը բարելաւեն վիճակը շրջաններուն մէջ: Ան տեղեկացուց, որ հիմնադրամի բոլոր տեղական կառոյցները եւ սփիւռքահայ բարերարները հետաքրքրուած են այդ ծրագիրներու իրագործումով:
Նշուեցաւ նաեւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 14 տարուան ընթացքին իրականացուցած է 160 միլիոն տոլարի ծրագիրներ՝ կառուցած է 220 քիլոմեթր ճանապարհ, 130 քիլոմեթր ջրագիծ, 36 դպրոց, 3 ելեքտրահաղորդակայան, 210 բնակելի շէնք եւ 14 առողջապահական հաստատութիւն: