ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը մշակած է համապարփակ քայլերու ծրագիր, որուն նպատակն է որակապէս կրճատել Հայաստանի մէջ առկայ ստուերային տնտեսութեան մակարդակը:
Կեդրոնական դրամատան նախագահ Տիգրան Սարգսեան Նոյեմբեր 21ին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ նշեց, որ յիշեալ փաստաթուղթը այժմ կը քննարկուի վարչապետին առընթեր գործարարութեան աջակցութեան խորհուրդին կողմէ:
Փաստաթուղթը կը ներառէ ոչ կանխիկ շրջանառութեան կտրուկ ընդլայնման եւ կանխիկ շրջանառութեան կրճատման քայլեր:
Կը նախատեսուի նաեւ լուրջ նորամուծութիւններ կատարել վարչարարութեան ոլորտին մէջ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան հարկային ծառայութեան՝ աւելի արդիւնաւէտ պայքարիլ ստուերի դէմ: Փաստաթուղթի պահանջներէն մէկն ալ գործընթացները հրապարակային դարձնելն է:
Տ. Սարգսեանի խօսքերով, համալիր ծրագիրը խորհուրդին մէջ քննելէ յետոյ, պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի քննարկման:
Կեդրոնական դրամատան նախագահի խօսքերով, կ’ակնկալուի, որ առեւտրական սպասարկման կէտերուն մէջ գործառութեան կանոններուն, կանխիկ եւ ոչ կանխիկ վճարումներու ծաւալներու սահմանափակումներուն, առեւտրական դրամատուներուն վերաբերող բաժինները ԱԺ ներկայացուին այս տարուան ընթացքին, իսկ վարչարարական օրէնքներու փոփոխութիւններուն համար աւելի երկար ժամանակ կը պահանջուի: