ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 28ին տեղի ունեցաւ «Տեղեկատուութեան ազատութիւն-2006» ամէնամեայ չորրորդ մրցանակաբաշխութիւնը՝ նուիրուած տեղեկատուութեան ազատութեան միջազգային օրուան:
Մրցանակներ սահմանուած էին «Ամենահրապարակային գործող պետական գերատեսչութիւն», «Տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքը լաւագոյնս կիրառած հասարակական կազմակերպութիւն», «Տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքը լաւագոյնս կիրառած քաղաքացի», «Տեղեկատուութեան ազատութեանն առնչուող մամուլի լաւագոյն հրապարակման հեղինակ», «Տեղեկատուութեան ազատութեան տեսանկիւնէն լաւագոյն պաշտօնական համացանցային էջ» անուանակարգերով:
2006ին «Ամենաբաց գերատեսչութիւն» հռչակուեցաւ Կոտայքի մարզպետարանը՝ որպէս « Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին» օրէնքը լաւագոյնս կիրառող:
«Տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքը լաւագոյնս կիրառած հասարակական կազմակերպութիւն» յայտարարուեցաւ Հելսինքեան քաղաքացիական համախմբման Վանաձորի գրասենեակը:
«Տեղեկատուութեան ազատութեան առնչուող խնդիրները հետեւողական լուսաբանած եւ «Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին» օրէնքը ամենաաշխոյժ օգտագործող լրագրող» անուանակարգի մրցանակակիր հռչակուեցաւ «Առաւօտ» օրաթերթի լրագրող Հռիփսիմէ Չեբեջեան:
«Տեղեկատուութեան ստանալու իրաւունքը ամենաաշխոյժ կիրառած քաղաքացի» անուանակարգով յաղթեց Արտակ Զեյնալեան:
«Տեղեկատուութեան ազատութեան տեսանկիւնէն լաւագոյն պաշտօնական համացանցային էջ» հռչակուեցաւ գլխաւոր դատախազութեան համացանցային էջը (մամուլի քարտուղար՝ Սօնա Տրուզեան):
Յաղթողներուն յանձնուեցան «ոսկէ» բանալիներ՝ որպէս հրապարակայնութեան խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ վկայականներ:
Յատուկ մրցանակ յանձնուեցաւ կառավարութեան առընթեր հարկային պետական ծառայութեան՝ բոլոր նախարարներուն եւ անոնց հետ փոխկապակցուած անձերու գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիրներու մասին տեղեկանքները պատրաստակամ տրամադրելու համար:
Սահմանուեցան նաեւ «մրցանակներ»՝ փակ կղպանքի տեսքով, «Ոչ ճշգրիտ պատասխան տրամադրած պետական գերատեսչութիւն» եւ «Ամենափակ պետական գերատեսչութիւն» անուանակարգերով:
2006ին «Ոչ ճշգրիտ պատասխան տրամադրած պետական գերատեսչութիւն» հռչակուեցաւ փոխադրութեան եւ կապի նախարարութիւնը՝ հակասական տեղեկատուութիւն տրամադրելու համար:
Հայաստանի «Ամենափակ մարմին» հռչակուեցաւ «ԱրմէնԹէլ»ը «Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին» օրէնքի պահանջները ամենավատը կատարելու համար եւ ընկերութեան փոխանցուեցաւ ժանգոտած կղպանք:
Նշենք, որ մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները որոշած է տեղեկատուութեան ազատութեան ոլորտին մէջ գործող ինը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն բաղկացած ժիւրիի կազմը: Այն կազմակերպած էր «Տեղեկատուութեան ազատութեան կեդրոնը»՝ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի եւ ԱՄՆ ՄԶԳ հետ համատեղ: