ԱՆԳԱՐԱ, «Զաման».- Երեքշաբթի, Յունուար 24ին, եռօրեայ այցելութեամբ Թուրքիա ժամանած Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսքի հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ահմէտ Նէճտէթ Սէզէրի հետ եւ շարք մը հարցերու քննարկումէն ետք առաջարկեց նաեւ միջնորդի դերակատարութիւն ստանձնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքներուն մէջ:
Սակայն Սէզէր նկատել տուաւ, որ Լեհաստանի խորհրդարանը արդէն իսկ վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհող բանաձեւ մը, որու հետեւանքով չի կրնար անկողմնակալ նկատուիլ:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սէզէր անուղղակիօրէն դատապարտեց Լեհաստանի խորհրդարանին որոշումը, ըսելով. «Կը մաղթենք, որ երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները աւելի սերտանան, երկու ժողովուրդները իրարու աւելի հասկնան, հեռու մնալով տեղեկութիւններու պակասի հետեւանքով ծնունդ առած նախապաշարումներէն»։