ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սեւանայ լիճի մակարդակը 2006ի Դեկտեմբեր 31ի դրութեամբ կազմած է 1898.24 մեթր, իսկ լիճի մակարդակի բարձրացումը անցեալ 5 տարիներու ընթացքին՝ 192 սանթիմեթր:
Ըստ բնապահպանութեան նախարարութեան Յունուար 23ին ներկայացուցած հաշուետուութեան, լիճի մակարդակի բարձրացման պատճառով ջուրի տակ մնացած շերտերը մաքրելու համար, պետական ամավարկէն յատկացուած 69 միլիոն դրամով (մօտ 189 հազար տոլար) անցեալ տարի մաքրուած է 123 հեքթար անտառապատ տարածք: