ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ պիտի հիմնադրուին նոր տնկարանային տնտեսութիւններ պետական ամավարկի եւ Համաշխարհային դրամատան ֆինանսաւորումով: Այս մասին յայտնեց «Հայանտառ»ի գլխաւոր տնօրէն Մարտուն Մաթեւոսեան եւ նշեց, որ 2007ին կը նախատեսուին աշխատանքներ Ստեփանաւանի տնկարանային տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ:
Արդիական տնկարան մը եւս պիտի հիմնադրուի Ծաղկաձորի մէջ: Համաշխարհային դրամատան՝ բնական պաշարներու եւ չքաւորութեան նուազեցման ծրագիրով, պիտի վերագործարկուի Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքի 40 հեքթար տարածութեամբ տնկարանային տնտեսութիւնը:
Նշենք, որ համապատասխան ֆինանսական միջոցներու բացակայութեան հետեւանքով, այս հաստատութիւնը չէ գործած շուրջ 10 տարի:
Աշխատանքի լծուելէ յետոյ, հոն պիտի աճեցուին սոճիի, հացենիի, չիչխանի, բարտիի, ուռենիի, նաեւ պտղատու ծառատեսակներ: Մ. Մաթեւոսեանի հաստատումով՝ 2008էն սկսեալ «Հայանտառ»ը տնկանիւթի պակաս պիտի չունենայ: