ԷՉՄԻԱԾԻՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Սեպտեմբեր 25-27ին տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան «Կլոր սեղան» բարեգործական միջեկեղեցական հիմնադրամի տարեկան ժողովը՝ հիմնադրամի միջազգային եւ հայաստանեան գործընկեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ժողովը նախագահեց հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:
Ժողովի առաջին օրը «Կլոր սեղանի» գործադիր տնօրէն, դոկտ. Կարէն Նազարեան եւ աշխատակիցները ներկայացուցին հիմնադրամի տարեկան հաշուետուութիւնը: Յաջորդող երկու օրերու ընթացքին քննութեան առնուեցան հետագայ գործունէութեան ռազմավարութիւնը եւ ծրագիրները:
Սեպտեմբեր 27ին՝ ժողովի ամփոփումէն յետոյ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց հիմնադրամի միջազգային գործընկեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները՝ ԵՀԽ հայաստանեան «Կլոր սեղանի» հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի, գործադիր տնօրէն Կ. Նազարեանի եւ խորհուրդի անդամ Վահրամ քհնյ. Մելիքեանի ուղեկցութեամբ: Նորին սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց միջազգային կազմակերպութիւններուն «Կլոր սեղանի» գործունէութեան աջակցելու եւ սատարելու համար: