ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- «Թուրքիան պէտք չէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ֆրանսական խորհրդարանին ընդունած օրինագիծը շահագործէ, իբրեւ Թուրքիոյ մէջ արտայայտուելու ազատութեան սահմանափակումները պահպանելու արդարացում», յայտարարեց Անգարայի մէջ Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչ Հանս Եորկ Քրեչմէր։
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցի մը մէջ Քրեչմէր ընդգծեց, որ «ֆրանսական օրինագիծը կ՚արգիլէ որոշակի յայտարարութիւն մը կատարելը, այսինքն՝ Ցեղասպանութիւնը ուրանալը, մինչդեռ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածը կ՚օգտագործուի քաղաքական հիմնական հարցերով հրապարակային բանավէճերը կանխելու համար»։
Թուրք քաղաքական գործիչներէն ոմանք կը պնդեն, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատիժ սահմանող օրինագիծին ընդունումը Ֆրանսայի կողմէ Եւրոպական միութիւնը կը զրկէ Անգարայէն բարեփոխումներ պահանջելու իրաւունքէն։
Մասնաւորապէս, անոնց համոզումով, Եւրոպական միութիւնը բարոյական իրաւունք չունի պահանջելու Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածի վերացումը կամ փոփոխութիւնը: Այդ յօդուածով քրէական պատիժ կը նախատեսուի «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու» յանցանքին համար։