ՕԹԹԱՈՒԱ.- Նոյեմբեր 8-10, յաջորդաբար Թորոնթոյի, Մոնթրէալի եւ Օթթաուայի մէջ դասախօսական շարքով մը ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան եւ հայ-թրքական «հաշտութեան» յանձնաժողովի (TARC) անդամներնէն՝ Կիւնտիւզ Աքթան: Դասախօսութիւնը կը կրէր Legal, Psychological and Political Dimensions of the Turkish Armenian Controversy խորագիրը: Նշենք, որ Աքթան եղած է նաեւ վարչապետ Օզալի յատուկ խորհրդական եւ Յունաստանի, Ճափոնի եւ Զուիցերիոյ մէջ դեսպան:
Սոյն դասախօսութիւնը Քանատայի թրքական դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած վերջին գիտաժողովին շարունակութիւնն է: Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 3ին Օթթաուայի մէջ կայացած յիշեալ «գիտաժողովին» ելոյթ ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող Կունթըր Լէուի: Նոյն «գիտաժողովի» սկզբնական հովանաւոր Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Հայ Դատի Յանձնախումբի բուռն բողոքէն ետք, հրաժարեցաւ գիտաժողովը հովանաւորելէ:
Օթթաուայի մէջ դասախօսութեան ներկայ էին 35 հոգի, ներառեալ թուրք դեսպանը: Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն ներկայ էին Օթթաուայի մէջ Յանձնախումբի գրասեանեակի գործավար Արիս Պապիկեան եւ յանձնախումբի անդամ Փօլ Տուզճեան:
Աքթանի ներկայացուցածը միակողմանի եւ չհիմնաւորուած փաստերով ելոյթ մըն էր, ուր նոյնիսկ պատմական իրականութիւններ խեղաթիւրուած ձեւով ներկայացուած էին: Ան թուեց թրքական դասական պնդումները, թէ ինչ որ պատահեցաւ տեղահանութիւն (deportation) չէր այլ՝ վերատեղաւորում (relocation): Կամ՝ հայերը դաւաճանեցին եւ ռուսերուն հետ գործակցեցան:
Աքթանի ելոյթին մէջ յատկանշական երեւոյթը հանդիսացաւ այն պահը, երբ ան հարց ուղղեց, թէ հայերը ինչո՞ւ «հարցը» դատական տնօրիմնումի չեն յանձներ, օրինակ՝ International Court of Justice-ին: Աքթան այստեղ շեշտեց, թէ 1915ի դէպքերը պէտք է դիտել որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր (crime against humanity), բայց ոչ Ցեղասպանութիւն:
Հարց-պատասխանի ընթացքին Արիս Պապիկեան ելոյթ ունենալով բացայայտեց Աքթանի ներկայացուցած նիւթին մէջ տեղ գտած բազմաբնոյթ հակասութիւնները: Ա. Պապիկեան յիշեցուց, որ Աքթան եղած է TARC-ի անդամ, այն կազմակերպութեան, որ փորձեց Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ առնել, սակայն Ցեղասպանութիւնը հաստատող ICTJ-ի (International Center for Transitional Justice) տեղեկագիր ստանալով՝ ինքնալուծարման ենթարկուեցաւ: Ան նաեւ փաստարկներու շարք մը ներկայացուց Irish Centre for Human Rights-ի տնօրէն Ուիլեըմ Շապազի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութենէն: Պապիկեան նաեւ թուրք պատմաբաններու Ցեղասպանութիւնը ընդունելու օրինակը բերաւ: Դասախօսութիւնը վերածուեցաւ Աքթանի եւ Պապիկեանի միջեւ բանավէճի:
Քանի մը հարցերով ելոյթ ունեցաւ քիւրտ մը, իսկ թուրք ներկայ մը քննադատեց թրքական կառավարութեան հակահայ եւ հակաքիւրտ քաղաքականութիւնը:
Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ, տեղական Հայ Դատի յանձնախումբերը, «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութիւնը եւ Հ.Յ.Դ. Քանատայի Երիտասարդական միութեան անդամները ներկայ եղան Աքթանի դասախօսութեան եւ իրենց կարգին ելոյթներ ունենալով հակադարձեցին Աքթանի խեղաթիւրումներուն: