Մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը այս տարի կը զուգադիպէր Երկուշաբթի, 15 Յունուարին։ Նկատի ունենալով, որ այս տօնը նաեւ Հոլովուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն է, Կիրակի, 14 Յունուարին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, եւ խնդրուեցաւ մարգարէներու գերագոյնին եւ կիներուն մէջ ծնածներէն մեծագոյնին՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի բարեխօսութիւնը, շարականագիրին բառերով՝ իր նշխարներուն միջոցաւ կեանքի դեղ շնորհելու Քրիստոսի երկրպագողներուս։
Ս. եւ անմահ Պատարագը մատոյց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ հոգաբարձութիւնը լաւագոյնս կազմակերպած էին, որպէսզի մեծ շուքով եւ հանդիսաւորապէս նշուէին զոյգ տօները։
«Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, առաջնորդ սրբազանը մուտք գործեց եկեղեցի։ Երգեցողութիւնը թովիչ թրթիռներով եւ ներդաշնակ քաղցրութեամբ կը կատարէր եկեղեցւոյ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ փրոֆ. Արա Մանաշի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանի։
Յընթացս Ս. Պատարագին, եւ քարոզէն առաջ, սրբազան հայրը կատարեց Ս. Աստուածամօր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, եւ շուրջ 40 սրբապատկերներու ու հաւատքի կոթողներու օծումը՝ ի պէտս հաւատացելոց։ Հոգեւոր խանդավառութիւնն ու յուզումնալից ապրումը տիրական էին բոլոր հաւատացեալներու սրտերուն մէջ ու աչքերուն վրայ: Հայոց դարաւոր ուխտն է այս, հայու գոյութեան գաղտնիքը, անմահութեան երաշխիքը, հաւատքի գրաւականը։
Քարոզի պահուն, սրբազանը ամէն բանէ առաջ, փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, այս օրհնեալ եւ եզակի պահուան համար, որ Իր շնորհքով կատարուեցաւ սրբապատկերներու օծումը։ Ապա ան անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան պարագաներուն եւ մանաւանդ անոր ծնելուն պատճառին մասին։ Որովհետեւ, ըսաւ սրբազանը, Ս. Յովհաննէս ինքնանպատակ չծնաւ եւ ծնելէն ալ յետոյ ինքն իր անձին համար չապրեցաւ, իր անձը, իր եսը չմտածեց, այլ, շարականագրին բառերով, ան Աստուծոյ Որդիին մարդեղութեան ճանապարհին նախակարապետը, արդարութեան արեգակին ծագումը ծանուցանող արուսեակը, Բանին Աստուծոյ գալուստը աւետողը, կարապետը եւ միաժամանակ Աստուծոյ Գառնուկը մկրտողը եղաւ։ «Ս. Յովհաննէսի նման հոգեկան արժէքները աւելի՛ վեր դասենք, քան՝ ֆիզիքական մեր պէտքերը», աւելցուց արբազանը, որովհետեւ հոգին «առաւել է, քան զմարմին»։
Քարոզի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, եւ, ժողովուրդին սրտին թարգմանը հանդիսանալով, շարականագրին բառերով դիմեց Սուրբին ըսելով. «Դուն, ո՜վ Ս. Յովհաննէս, վերէն մեզի օգնութեան փութա՛, դուն՝ առաքեալ եւ մարգարէ, կարապետ եւ մկրտիչ Որդւոյն Աստուծոյ։ Դուն, ինքնանուէր քահանայ, խաչին վրայ պատարագուած Քրիստոս Քահանայապետին, երգաբանողներուս եւ տօնողներուս պաշտամունքը մատուցանէ, եւ մեզի համար բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ»։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք։ Բաշխուող մասին հետ մատաղն ալ բաժնուեցաւ, եւ հաւատացեալներ իրենց տուները վերադարձան հոգեւոր ապրումներով լիցքաւորուած, ուրախութիւնը իրենց սրտին եւ մատաղը՝ իրենց ձեռքին։
ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
Պատարագէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, ներկայութեամբ միաբան եւ քահանայ հայրերուն, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու, եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին, Տիկնանց օժանդակ մարմնին, սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, երգչախումբի անդամներուն, եկեղեցւոյ բարերարներուն ու բարեկամներուն, եւ հաւատացեալ բազմութեան։
Շնորհակալական խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ հոգաբարձութեան եւ իր անունով երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը։ Ապա յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյս օծման կնքահօր՝ Վահէ Կարապետեանին ու անոր ընտանիքին, որոնք միշտ պատրաստ եղած են իրենց նիւթաբարոյական նուիրատուութեամբ օժանդակելու եկեղեցւոյ եւ իրենց ընտանիքին անունով կնքուած «Կարապետեան» սրահին։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ բաշխուեցան գնահատագիրեր եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ քսան եւ աւելի տարիներ ծառայութիւն բերած անդամ–անդամուհիներու։ Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ եկեղեցւոյ բանկալի պատասխանատու Մեսրոպ Աբրահամեան, որ քսանհինգ տարիներէ ի վեր անշահախնդրօրէն եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ կը ծառայէ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ։ Վերջին տարիներու աւանդութիւն դարձած քաղցր սովորութեամբ մը, եկեղեցին կը պատուէ նաեւ նուիրեալ ծառայ մը։ Այս տարի պատուուեցաւ Ազգային վարչութեան անդամ, Ազգային երեսփոխան եւ հոգաբարձութեան նախկին ատենապետներէն Կարօ Աւագեան, որուն յանձնուեցաւ յիշատակի նուէր մը եւ ընթերցուեցաւ այս առթիւ շնորհուած առաջնորդ սրբազան հօր գնահատագիրը։
Խոր յուզումով, Կարօ Աւագեան խօսք արտասանեց եւ յիշեց իր ծերունազարդ մայրը, որ իր քայլերը եկեղեցի առաջնորդած էր փոքր տարիքէն, Լիբանանի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին եւ այլուր. ան նաեւ յայտնեց, որ Հոլիվուտի մէջ, առաջնորդ սրբազան հայրը, տակաւին վարդապետ ժամանակին, քաջալերած էր զինք, որ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ճամբով ծառայէ հայ ազգին։
Փակման խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը, որ առանձին-առանձին գնահատեց այսօրուան կազմակերպիչ յանձնախումբը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձական կազմը, Տիկնանց միութիւնը, երգչախումբը, սարկաւագաց դասը եւ բարերարները, կոչ ուղղելով բոլորին, որ այսպէս՝ համերաշխ ու միատեղ գործակցութեամբ միշտ կանգուն պահեն Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին եւ ծաղկեցնեն զայն՝ ի փառս Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին։
«Պահպանի»չ օրհնութեամբ եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ վերջ գտան օրուան հանդիսութիւնները։
Պ.Վ.Կ.