Յուլիս 3ին, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի «Տուտեան» գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ցեղասպանութենէն վերապրած Մաթոսեան ընտանիքի յետնորդներէն՝ փրոֆ. Սիլվիա Պուրտեայի հետ, որ ծանօթ է «Արարատ» հրատարակչութեան համար կատարած թարգմանական աշխատանքին համար: Այս աշխատանքին արգասիքն է Հանրի Վերնոյի «Մայրիկ»ը եւ «Վարդանի ձին», Այտա Ազնաւուր Կառվարենցի «Եղբայրիկ»ը, Շարլ Ազնաւուրի «Անցեալ ժամանակները», ինչպէս նաեւ վերջերս հրատարակուած «Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան-մարդը եւ իր գործունէութիւնը»:
Նոյն օրը նաեւ տեղի ունեցաւ յայտնի բեմադրիչ Սաուէլ Սթիոփոլի հեղինակած «Խեղճ Կայէնը. շարժանկարային պատմուածքներ» գիրքի շնորհահանդէսը:
Ներկայ էին շարժանկարի եւ գրականութեան յայտնի դէմքեր, ինչպէս Ատրիան Փըտուրարօ, Պետրոս Խորասանճեան, Իրինա Մարկարէթա Նիսթոր, Ճօ Սաիզեսքօ եւ ուրիշներ, որոնք բարձր գնահատեցին վարպետ Սթիոփոլի գրական գործունէութիւնը: