ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ժամանակաւոր հաւատարմատար Էնթընի Կոտֆրի ամանորեայ ուղերձ յղեց Հայաստանի ժողովուրդին:
«Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի ժողովրդին՝ երկու երկրների միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր բարեկամութեանն ու սերտ համագործակցութեանը շարունակաբար աջակցելու համար», ըսուած է ուղերձին մէջ, ուր նշուած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները իր աջակցութեան ծրագիրներու միջոցով (որոնց պարունակով 1992էն ի վեր Հայաստանին յատկացուած է շուրջ 1.6 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն) կ’աշխատի ամրապնդելու ժողովրդավարական հաստատութիւնները, նպաստելու հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ ապահովութեան եւ զարգացնելու տարածաշրջանի երեք երկիրներու տնտեսութիւնը:
«Յուսով եմ, որ 2007ի ընթացքում Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները կ’աշխատեն միասին՝ կերտելու Հայաստանի ժողովրդի պայծառ ապագան: 2007 տարին մասնաւորապէս նշանակալի կը լինի, քանզի իմ երկրի կառավարութիւնը հաստատակամ է աջակցել Հայաստանին կայանալու որպէս ծաղկուն ժողովրդավարական մի երկիր, որտեղ տնտեսական աճի բերած օգուտները վայելում են բոլորը: Այս տարին յատկապէս կարեւոր ու հետաքրքրական կը լինի, քանզի Հայաստանը հնարաւորութիւն ունի ի ցոյց դնել ժողովրդավարութեան մասով ստանձնած յանձնառութիւններին իր հաւատարմութիւնը՝ անցկացնելով ազատ ու արդար խորհրդարանական ընտրութիւններ», ըսուած է ուղերձին մէջ: