25 տարիները առաջ, հայ դպրոցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան հաւատացող խումբ մը նուիրեալներ արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու այս հեռաւոր ափերուն վրայ հիմը դրին առաջին հայ աւետարանական ամէնօրեայ վարժարանին եւ զայն բարերարուհի Էլիզ Մերտինեանի անունով կոչեցին:
Սեպտեմբեր 7, 2006ին, 25րդ անգամ ըլլալով, «Մերտինեան» վարժարանը կը բանար իր դուռները, խանդավառ աշակերտներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ հոգաբարձութեան կազմի անդամներու ներկայութեան:
Զանգին հետ, աշակերտները, մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ կարգ, բակին մէջ բարձրաձայն արտասանեցին՝ «Հայ եմ ես… ամբողջ սրտով պիտի սիրեմ հայրենիքս ու եկեղեցիս, միշտ պիտի խօսիմ հայերէն», դրօշակի արարողութեան ընթացքին: Ապա վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, աշակերտներու մասնակցութեամբ՝ հոգեւոր երգերով, շարականներով, սաղմոսասացութեամբ:
Տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի հայ աւետարանական միութեան հովիւը, օր օրհնութեան աղօթքը ընէ եւ իր պատգամը տայ: Ան շնորհաւորեց ծնողները, աշակերտները, ուսուցիչները եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը անսասան պահէ 25ամեայ «Մերտինեան» վարժարանի մեծ ընտանիքը: «Այս վարժարանը քրիստոնեայ եւ հայ ազգային կրթական հաստատութիւն մըն է: Հպարտ ենք մեր մշակոյթով: Մեր հայրերը իրենց պարանոցը դրին թշնամիին սուրին դիմաց, ազգին ու Քրիստոսի համար: Ու եթէ քրիստոնէական ոգիով լեցուն ըլլան մարդոց հոգիները, աշխարհի շատ մը տագնապները կը լուծուին: Մեր վարժարանը կը ձգտի այս բարի նպատակին»: Ան թելադրեց աշակերտներուն, որ քրիստոնէական հոգիով սիրեն զիրար, հնազանդ ըլլան ու յարգեն ծնողները, ուսուցիչները եւ իրենց նմանները:
Երկրորդ խօսք առնողն էր հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Հրայր Աթիքեան, որ երկու լեզուներով ալ տուաւ պատգամը: Ան նախ ողջունեց ծնողները, ուսուցիչները եւ աշակերտները, ապա նշեց, որ «Մերտինեան» վարժարանի 25ամեակը պիտի տօնուի մեծ ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեան հոգով: Ան աշուղ Չիվանիէն յիշեց ազգ մը կանգուն պահող երեք անխորտակելի սիւները՝ հայրենիք, կրօնք ու լեզու, երբ նշեց, թէ «Մերտինեան»ի մէջ աշակերտը կը սորվի սիրել այս երեքը, կրթական այլ նիւթերու զուգընթաց, թէ ինչպէս մեր ծնողները անապատի աւազներուն վրայ գրելով ու կարդալով հայ լեզուն պահեցին: «Անոնց ուխտին հետեւելով՝ Մեսրոպ Մաշտոց ձեզ եւ ձեր ուսուցիչները կ’օրհնէ», եզրափակեց ան:
Ապա տնօրէնը տեղեկութիւնները տուաւ ամրան ընթացքին կատարուած դպրոցի բարեզարդումներուն մասին եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձութեան: Ապա ան ներկայացուց պաշտօնէութիւնը, ուսուցիչները, Ծնողաուսուցչական կազմի անդամները ու իր խօսքը վերջացուց թելադրելով, որ ձեռք ձեռքի տալով մղենք, որ «Մերտինեան» վարժարանը ապագային հեռանկարներով ու 25ամեակի խանդավառ ոգիով յառաջանայ:
Վեր. Մաթոսեանի աղօթքէն ետք աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն հետ ուղղուեցան դասարանները, կանոնաւոր կերպով սկսելու նոր տարեշրջանը:
Նախամանկապարտէզի բաժնին համար եւս վերամուտի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն օրը, վարժարանին սրահին մէջ, ծնողներու ներկայութեամբ: Հոն եւս տնօրէնը ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ:
25ամեակի նուիրուած ձեռնարկներուն մասին տեղեկութիւնները պիտի հրապարակուին մամուլի էջերով:
Թղթակցութիւնը Վարժարանէն