ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու համար չափազանց կարեւոր է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի նշանակումը: Այս մասին Յունուար 24ին «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էնթընի Կատֆրի:
Ան յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն իր համաձայնութիւն յայտնած է նախագահ Պուշի առաջադրած թեկնածուի՝ Ռիչըրտ Հոկլընտի նշանակման վերաբերեալ: Այժմ, ըստ Է. Կատֆրիի, կը մնայ ԱՄՆի Ծերակոյտի համաձայնութիւնը. «Վստահ եմ, որ նոր դեսպանի նշանակումը հայ-ամերիկեան գործակցութիւնը էլ աւելի բարձ մակարդակի վրայ կը տեղափոխի», նշեց ան: