ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութիւնը հրապարակեց տեղեկագիր մը, ուր կը հիմնաւորէ, թէ Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյն արդար դատավարութեան չէ արժանացած, իսկ դատական գործընթացին մասնակից դատաւորներն ու փաստաբանները չեն յաջողած պահպանել քրէական դատավարութեանց համար միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշները:
97 էջնոց տեղեկագիրը կ՚ըսէ, որ Սատտամի դէմ դատարանին արձակած «մեղաւոր» վճիռը հարցականի տակ է՝ բացատրելով, որ այս եզրակացութեան հասած է հետեւելէ ետք դատավարութեան եւ հարցազրոյցներ ունենալէ ետք դատարանի պաշտօնեաներու, փաստաբաններու եւ «այլ բանալի դերակատարներու» հետ:
Տեղեկագիրը ըսաւ, որ դատավարութեան մէջ նկատելի են լուրջ թերութիւններ, օրինակի համար՝ ամբաստանեալները դատապարտող փաստերը ուշ ներկայացուած են, ամբաստանեալներուն չէ թոյլատրուած, որ պէտք եղածին պէս հակաճառեն վկաներուն, եւ դատաւորները բազմաթիւ առիթներով չեն յարգած անկողմնակալ մնալու իրենց պարտաւորութիւնը:
«Այս տեղեկագիրին մէջ հաղորդուած փաստերը կը հաստատեն, թէ ատեանին ընթացքը կը բացայայտէ արդար դատավարութեան մը տարրական տուեալներու անբաւարար ըմբռնումը. ատեանը նաեւ չէ հասկցած, թէ այդ հիմնական սկզբունքները ինչպէ՞ս կարելի է կիրարկել յարաբերաբար բարդ դատավարութեան մը ընթացքին», կ’ըսէ տեղեկագիրը:
Ըստ տեղեկագիրին, այս բոլորին հետեւանքը եղաւ այն, որ կատարուեցաւ դատավարութիւն մը, որ չի համապատասխաներ արդար դատավարութեանց հիմնական չափանիշներուն: Այսպիսի պայմաններու մէջ վճիռին առողջ եւ ճիշդ ըլլալը խիստ կասկածելի է, ընդգծեց տեղեկագիրը: