ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Երեքշաբթի, Յունուար 23ին, Քոնկրէսին առջեւ իր տարեկան «Միութեան վիճակը»ը ելոյթին ընթացքին փորձեց շեշտը դնել երկրին դիմագրաւած ներքին հարցերուն վրայ, միաժամանակ ոչ մէկ յատկանշական բարեկարգում առաջադրելով Իրաքի հանդէպ իր դատապարտուող քաղաքականութեան մէջ:
49 վայրկեան տեւած իր ելոյթով, Պուշ դարձեալ փորձեց վախի մթնոլորտ մը ստեղծել, պնդելով, թէ ամերիկեան ուժերու հեռացումը Միջին Արեւելքը պատերազմի դաշտի մը պիտի վերածէ:
Տեղական գետնի վրայ, ան փորձեց առաջ մղել տարիներէ ի վեր դեմոկրատներու կողմէ առաջադրուող, սակայն հանրապետական մեծամասնութեան կողմէ մերժուած առաջարկներ, ինչպէս վառելանիւթի խնայողութիւն, կենսոլորտի մաքրագործում, աշխատանքի ժամանակաւոր արտօնութիւն եւ առողջապահական ապահովագրութեան համակարգին բարելաւում:
Հակադարձելով Պուշի ելոյթին, դեմոկրատ ծերակուտական Ճիմ Ուէպ շեշտեց, թէ նախագահը անպատասխանատու քայլ մը առած էր երկիրը պատերազմի առաջնորդելով եւ շեշտեց, թէ Քոնկրէսին, զինուորական ուժերուն ու ժողովուրդին մեծամասնութիւնը նեցուկ չի կանգնիր այդ պատերազմին:
Ան իր ելոյթը աւարտեց կոչ ընելով նախագահին, որ փոփոխութեան ենթարկէ իր քաղաքականութիւնը: «Եթէ այդ քայլը առնէ, պիտի միանանք իրեն, այլապէս մենք ճամբան ցոյց պիտի տանք»:
Դեմոկրատներու հակակշռին տակ գտնուող Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը Չորեքշաբթի օր իսկ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ Իրաք յաւելեալ զինուոր ղրկելու Պուշի ծրագիրը կը համարէ «ազգային շահերուն խոտոր համեմատող քայլ մը»:
Քաղաքական մեկնաբաններ եւ ամերիկեան մամուլի գլխաւոր ներկայացուցիչները համաձայնեցան դեմոկրատներուն հետ, թէ ներքին մակարդակի վրայ Պուշի առաջադրած ծրագիրները բաւարար չեն Իրաքի սխալ քաղաքականութեան արատը մաքրելու համար: