ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 26ին հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտող Ֆրանսայի դեսպան Անրի Քիւնիի հետ:
Նախագահի Հոկտեմբեր 25ի հրամանագիրով, հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման մէջ իր ներդրումին համար, դեսպան Քիւնի պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Գոշ» շքանշանով:
Դիւանագէտին յանձնելով պարգեւը, նախագահ Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ գործակցութեան համար եւ նշեց, որ ան Հայաստանի մէջ իր աշխատանքին հրաժեշտ կու տայ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրելով զգալի յառաջընթաց:
Դեսպան Քիւնի իր երախտիքը յայտնեց նման բարձր պատուի արժանանալու համար: Ան բարձր գնահատեց Հայաստանի ջերմ վերաբերմունքը դէպի Ֆրանսան՝ իրեն շնորհուած պարգեւը դիտելով իբրեւ հայ-ֆրանսական բարեկամութեան վկայութիւն:
Գոհունակութեամբ նշելով ֆրանսական մասնակցութիւնը տարբեր ոլորտներուն մէջ, դեսպանը յայտնեց, որ որեւէ գործ, որ ձեռնարկած է, կատարած է սիրով եւ նուիրումով:
Հանդիպման աւարտին, դեսպան Քիւնի կատարեց բարեմաղթութիւններ:
Նոյն օրը, նախագահ Քոչարեանին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Ճափոնի նորանշանակ դեսպան Եասուօ Սայիթոն (նստավայրը՝ Մոսկուա):