ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրէսական Ճօ Քրաուլի կը պատրաստուի Ներկայացուցիչներու տան ներկայացնել «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը, որ միաժամանակ կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ, որպէսզի ջնջէ պատժական օրէնքի 301րդ յօդուածը: Լուրը կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Ծանօթ է, որ վերոնշեալ 301րդ յօդուածը պատիժ կը սահմանէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ’ընդունին Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը:
Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան նախ գնահատեց Քրաուլին իր նախաձեռնութեան համար եւ միաժամանակ գոհունակութեամբ դիտել տուաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը եւս յարաճուն զօրակցութեան կ’արժանանայ Ներկայացուցիչներու տունէն ներս:
Քրաուլիի բանաձեւը կը հովանաւորեն նաեւ Ֆրէնք Փալոն (Դ., Նիւ Ճըրզի), Ճօ Նոլընպըրկ (Հ., Միշիկըն), Էտըմ Շիֆ (Դ., Քալիֆորնիա) եւ Ճորճ Ռատանովիչ (Հ., Քալիֆորնիա): Բանաձեւը դրուատելէ ետք Հրանդ Տինքը իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան ջատագով, կը շեշտէ, թէ իր սպանութիւնը փորձ մըն է լռեցնելու մամլոյ ազատութիւնը եւ ահաբեկելու թրքահայ համայնքը: