ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Քասքատ-Քրէտիթ» վարկային կազմակերպութիւնը թողարկած է ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) կողմէ երաշխաւորուած 50 հազար անուանական արժէքով 150 հազար դրամի զեղչային պարտատոմսեր: Մէկ տարի ժամկէտով ապահովագրուած պարտատոմսերու եկամտաբերութիւնը 7.5% է: Այս մասին Սեպտեմբեր 28ի ասուլիսին յայտնեց կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Գարեգին Գէորգեան եւ նշեց, որ. «Առաջին անգամ ոչ դրամարնային կազմակերպութեան կողմից պարտքային արժէթղթերի հրապարակային թողարկումը Հայաստանում փոքր, բայց նշանակալից քայլ է երկրում հանրային շուկայի կայացման գործում»:
ԱՄՆ ՄԶԳը կը ծածկէ պարտատոմսերու առնչութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու չկատարումէն առաջացող մայր գումարի կորուստի 50%ը, իսկ մնացեալը «Քասքատ Կապիտալ Հոլտինկս»ը:
Նշենք, որ «Քասքատ-Քրէտիթ» վարկային կազմակերպութեան 100% բաժնեմասը կը պատկանի «Քասքատ Կապիտալ Հոլտինկս» ընկերութեան, որուն սեփականատէրը «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամն է: