Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծի նիւթին շուրջ աղմուկը կանգ չ՛առներ Թուրքիոյ մէջ: Փայլանի այդ քայլը խիստ դատապարտող յայտարարութիւններուն զուգահեռ կը նշմարուին նաեւ որոշ իրաւական գործընթացներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»ը՝ վկայակոչելով «Ճումհուրիյէթ»ը:
Քատիր Քարթալ անունով թուրք փաստաբան մը Փայլանի դէմ դատախազութեան
«յանցագործութեան մասին հաղորդում մը ներկայացուց»: Հաղորդումին մէջ կը պահանջուի Փայլանը զրկել պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն եւ անոր դէմ դատական գործընթաց սկսիլ խորհրդարանին «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ցեղասպանութեան մեղաւորներու անունները հանրային կառոյցներէն եւ փողոցներէն հանելու մասին» անուանումով օրինագիծ ներկայացնելու համար:
Ըստ թուրք փաստաբանի «հիմնաւորումին»՝ հայ պատգամաւորը ցեղասպանութիւն բառը կիրառելով եւ օրինագիծ ներակայացնելով, ժողովուրդը բացայայտ ատելութեան եւ թշնամութեան դրդած է (Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 266 յօդուած):