ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ս. Էջմիածինի եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Կանթեղ» ամէնամեայ գրական մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ թագմանիչներ Ռուբէն Ղուլեանին, Սամուէլ Մկրտչեանին, լիթուացի բանաստեղծ Սիկիդաս Կետային եւ Մարիէթա Գոնթրիմայտէին:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Դաւիթ Մուրադեան եւ նշեց, որ Ռ. Ղուլեանին մրցանակը շնորհուած է Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւն» եռագրութեան, Ս. Մկրտչեանին՝ անկլօ-ամերիկեան գրականութենէն, Ս. Կետային Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» եւ Մ. Գոնթրիմայտէին՝ հայ գրականութենէն կատարած թարգմանութիւններուն համար:
Մուրադեան նաեւ նշեց, որ Ուքրանիոյ դեսպան Օլեքսանտր Պոժքոն Գրական վաստակի շքանշանին արժանացած է: