ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նշանաւոր հայ աշուղ, ժողովրդական երգիչ Չիւանիի (Սերոբ Ստեփանի Լեւոնեան-1846, Չաւախքի Կարծախ գիւղ-1909, Թիֆլիս) ծննդեան 160ամեակը տօնական մեծ համերգով նշուեցաւ Նոյեմբեր 21ին «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ, որ կազմակերպած էին մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը եւ «Սայեաթ Նովա» մշակութային միութիւնը:
Համերգի ընթացքին վաստակաւոր արուեստագէտ Թովմաս Պողոսեանի ղեկավարութեամբ եւ մենակատարութեամբ հանդէս եկան «Սայեաթ Նովա» աշուղական խումբը, ինչպէս նաեւ Հաւասիի անուան խումբը եւ Չիւանի անուան դպրոցի տարբեր դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած երգչախումբը:
Համերգի ամբողջ ծրագիրը բաղկացած էր Չիւանիի ստեղծագործութիւններէն, կատարուեցան նաեւ Չիւանիին նուիրուած յօրինումներ:
Համերգէն առաջ ներկաներուն դիմելով Թ. Պողոսեան նշեց, որ Չիւանիի խրոխտ, խիզախ երգերը արգիլուած էին ցարական եւ խորհրդային իշխանութեան տարիներուն: Սակայն եկած է ժամանակը, որ Չիւանին հնչէ ամէն յարկի տակ, ամէն համերգասրահի մէջ, ձայնասփիւռով եւ հեռատեսիլով: